ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԵՆ ՍՊԱՌԱԾ
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը մինչ թափով կը շարունակուի, հայ վերլուծաբանները կը դիտարկեն, որ դիւանագիտական հնարաւորութիւնները տակաւին սպառած չեն։ Վերջին օրերուն զանազան յայտարարութիւններ կը հնչեն Արցախի շուրջ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին շարունակեց գրառումներով հանդէս գալ ընկերային ցանցերու միջոցաւ։ Իտալական «Քորիէրա Տելա Սերա» թերթին մէջ ալ հարցազրոյց մը լոյս տեսաւ իրեն հետ։
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակէ պայմանաւորել համայն հայութեան օրակարգը։ Սփիւռքի հայաշատ կեդրոններէն ներս տեղի կ՚ունենան բողոքի ցոյցեր եւ զօրակցութեան հանրահաւաքներ։
Լեռնային Ղարաբաղի սաստիկ պատերազմին հետեւանքով արտասովոր իրավիճակ մը ստեղծուած է նաեւ Հայաստանի Սիւնիքի մարզէն ներս։ Երկրի հարաւին, Իրանի սահմանակից այս մարզը լուրջ բարդութիւններ կը դիմագրաւէ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու մթնոլորտին մէջ։
Զօհրապ Մնացականեան. «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը գերակայ խնդիր է, այսօր՝ նաեւ պաշտպանութեան միջոց»:
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը յառաջիկայ երկուշաբթի պիտի քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի առկայ իրավիճակը։ Ըստ Նիւ Եորքէն հասած լուրերուն, այս քննարկումը տեղի պիտի ունենայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի դիմումներուն հիման վրայ։
Նախագահներու նախընթաց օրուան հեռախօսազրոյցէն վերջ, երէկ ալ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձան Արցախի իրավիճակին։
Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Արցախի լայնածաւալ պատերազմով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ տեղի կ՚ունենայ այս այցելութիւնը։
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին նոյն թափով։