ԹՐՔԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐՈՒՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՎԱՐԵՑ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ
Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սետաթ Էօնալի գլխաւորութեամբ թրքական պատուիրակութիւն մը վերջին օրերուն այցելեց Մոսկուա։ Արտաքին գործոց նախարարութեան, Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ՄԻԹ-ի իրաւասուներէն բաղկացեալ այս պատուիրակութիւնը ռուսական կողմին հետ բանակցութիւններ վարեց Լիպիոյ եւ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Երէկ աւարտեցան բանակցութիւնները, որոնք ունէին խորհրդակցական բնոյթ։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ ուշադրութիւն հրաւիրեց, որ Թուրքիոյ մէջ վարակման աշխոյժ պարագաները կ՚աւելնան թափով։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները որոշեց վերջ տալ Յունական Կիպրոսի դէմ տարիներէ ի վեր գործադրուած՝ զէնք ու զինամթերքի վաճառքի շրջափակման։ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անասթասիատիսի հետ։
Հայաստանի Արմաւիրի մարզէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ պայթում մը։ Այսպէս, «Պռոշեան» քոնիաքի գործարանի մասնաճիւղէն ներս ծագեցաւ հրդեհ մը, որուն յաջորդեց պայթում մը։
Ռուսաստանի Պաշտպանութեան փոխ-նախարար զօրավար Անտրէյ Քարթափոլով երէկ ժամանեց Երեւան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ռուս բարձրաստիճան պաշտօնատարը հանդիպումներ կ՚ունենայ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավար կազմին հետ։
Արցախի Թալիշ համայնքէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ մտահոգիչ դէպք մը։ Անյայտ անձ մը Մարտակերտի շրջանի Թալիշ համայնքէն ներս հրկիզեց առանձնատուներ, կացարաններ եւ ալրաղաց մը։
Euronews հեռուստակայնը սկսաւ հեռարձակուիլ նաեւ վրացերէնով։ Կը հաղորդուի, որ օգոստոսի 31-ի դրութեամբ Վրաստանէ ներս իր հեռարձակման սկսած է Euronews հեռուստաալիքի վրացալեզու ծառայութիւնը։
Եւրոպան ահազանգ կը հնչեցնէ՝ քորոնաժահրի հնարաւոր երկրորդ ալիքի կապակցութեամբ։ Այսպէս, ներկայիս աշխարհի մէջ գոյութիւն չունի «հիւանդութեան երկրորդ ալիքի» վերաբերեալ միասնական կարծիք։
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութենէն մարդոց կոչ կ՚ընեն, թէ պէտք է ապրիլ սորվիլ քորոնաժահրի հետ, այլ ոչ թէ ապաւինիլ պատուաստանիւթերուն։ Այսպէս, քորոնաժահրի նկատմամբ յաղթանակը տեղի կ՚ունենայ ոչ այն պահուն, երբ բնակչութեան համատարած պատուաստում կատարուի, այլ երբ մարդիկ սովորին ապրիլ ժահրին հետ:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը գնահատած է Շուէտի ռազմավարութիւնը՝ քորոնաժահրի դէմ պայքարի գծով։ Այսպէս, քորոնաժահրի համավարակի դէմ պայքարելու համար մեղմ սահմանափակումներ բերելու Շուէտի ռազմավարութիւնը երկարաժամկէտ հեռանկարով պէտք է օրինակ ծառայէ միւս պետութիւններու համար: