ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԸՆՏՐԱՆԻՆ ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՏՕՆԵՑ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԴԷՄ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Թիֆլիզի մէջ հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի ազգային հաւաքականին կողմէ։ 2-1 արդիւնքով հայկական ընտրանին յաղթանակ տօնեց հիւրընկալ խումբին դիմաց։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Թիֆլիզի մէջ հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի ազգային հաւաքականին կողմէ։ 2-1 արդիւնքով հայկական ընտրանին յաղթանակ տօնեց հիւրընկալ խումբին դիմաց։
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի յայտարարութեան գործադրութեան ժամանակացոյցը շաբաթավերջին փոփոխութեան ենթարկուեցաւ։ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած համաձայնագրով նախատեսուած էր մինչեւ 15 նոյեմբեր Ատրպէյճանին յանձնել Քարվաճառի (Քէլպէճէր) շրջանը։
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին բողոքի ցոյցերը կանգ առին, մոմավառութիւն տեղի ունեցաւ Ազատութեան հրապարակին վրայ եւ սուգ պահուեցաւ նահատակներուն համար:
Նիկոլ Փաշինեանի վերջին գրառումները հակազդեցութեան նոր ալիք մը ստեղծեցին, իշխանական որոշ երեսփոխաններ կը լքեն իրենց խորհրդարանական խմբակցութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ ունեցան հանդիպում մը։ Սա եղաւ վերջին օրերու անոնց երկրորդ տեսակցութիւնը։
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հրադադարի համաձայնութեան գործադրութիւնը վաղը դաշտի վրայ պիտի սկսի գործնականօրէն։ Հակամարտութեան տարածքաշրջանէն ներս պիտի տեղակայուին Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերը։
Հռչակաւոր դերասան Արմէն Ճիկարխանեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն իր մահկանացուն կնքեց Մոսկուայի մէջ։ Ան 86 տարեկան հասակին հեռացաւ կեանքէն։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երկրէն ներս ստեղծուած ծանր իրավիճակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ կը շարունակէ խորհրդակցութիւններ ունենալ քաղաքական շրջանակներու, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հեղինակաւոր անհատներու հետ։
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ դարձեալ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք մը, հնչեցին բողոքներ:
Ընդդիմութիւնը Փաշինեանի հրաժարականին կը ձգտի՝ ակնկալելով, որ նոր բանակցող մը կրնայ մեղմացնել որոշ կորուստներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան նախընթաց օր ուշ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Արցախի նախկին նախագահներէն Արքատի Ղուկասեանի հետ։ Կը հաղորդուի, որ այս վերջինը Տէր-Պետրոսեանին այցելեց՝ իր մտահոգութիւնները արտայայտելով Արցախէ ներս ստեղծուած իրավիճակին կապակցութեամբ։
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի կայունացման որոնումները յառաջ կը տարուին՝ Երեւանի բազմամարդ հանրահաւաքներու ու երթերու զուգահեռ:
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ դրած հրադադարի ծանր համաձայնութեան պայմաններուն ներքեւ հայկական աշխարհը բազում հարցականներու պատասխանին հետամուտ: