ՆԱԹՕ-ԷՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ
Սթոլթենպերկ շարժման անցաւ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ առկայ տարակարծութեան յաղթահարման գետին պատրաստելու նպատակով:
Դաշինքը կը ձգտի արեւելեան Միջերկրականէ ներս կանխել լարուածութիւնները եւ նուազեցնել արկածներու ռիսքերը՝ համապատասխան դրոյթներու հաստատման միջոցաւ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Լեռնա Թումայեան իրաւունք շահած է մուտք գործել «Պեզմի Ալէմ» հիմնարկի համալսարանի Բժշկութեան ֆաքիւլթէն։ Լեռնա Թումայեան մանկապարտէզէն սկսեալ մինչեւ 8-րդ դասարան յաճախած է Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարան։
Աշխարհի երկիրներու ելեկտրոնիկ կառավարման զարգացման ցուցիչին վրայ Հայաստան 19 կէտով բարելաւած է իր դիրքը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 195 երկիրներու ցանկին վրայ Հայաստան կը զբաղեցնէ 63-րդ հորիզոնականը։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ վերաբերեալ ընդհանուր պատկերն ալ կը շարունակէ առթել մտահոգութիւն։ Երէկ երեկոյեան Առողջապահութեան նախարարութիւնը հրապարակեց վիճակագրական հերթական տուեալները։
Իսրայէլի մէջ սկսաւ գործել Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը:
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի վրայ կրակած եւ զայն նահատակած ոճրագործ Օկիւն Սամաստ կալանավայրին մէջ ալ վերջին շրջանին իրականացուցած է բռնութիւններ։ Վերջին օրերուն տեղական մամուլը կ՚անդրադառնայ Օկիւն Սամաստի վերաբերեալ զանազան իրադարձութիւններուն։
Եաքուտսքը աշխարհի ամենացուրտ քաղաքներէն մին է, որ կը գտնուի Ռուսաստանի Սիպիրիա տարածքաշրջանի արեւելքին, Լենա գետի ափին։ Ձմեռը -34 ջերմաստիճան կ՚ըլլայ օդի բարեխառնութիւնը Եաքուտսքի մէջ, որ Նորիլսքէն վերջ աշխարհի ամենացուրտ երկրորդ քաղաքն է։
Էլըն Մասք պատմած է, թէ երբ կը կայանայ Starship-ի դէպի ուղեծիր առաջին թռիչքը։ Միլիառատէր գիւտարար Էլըն Մասք խոստացած է, որ Starship օդաչուաւոր տիեզերանաւը կրնայ շուրջերկրեայ ուղեծիր թռչիլ արդէն յաջորդ տարի։
Արքայազն Հերի եւ իր կողակիցը՝ Մեկըն, բազմամեայ համաձայնագիր ստորագրած են Netflix-ի հետ։ Այսպէս, Անգլիոյ արքայազն Հերի եւ իր կինը՝ Մեկըն, որոնք կ՚ապրին Գալիֆորնիայի մէջ, Միացեալ Նահանգներ, երկար տարիներու համաձայնագիր ստորագրած են ժապաւէններու եւ ֆիլմաշարերու արտադրող Netflix ընկերութեան հետ:
Կարգ մը գիտնականներ պարզած են, թէ ո՛ր կենսանիւթը (վիթամին) կրնայ դադրեցնել քորոնաժահրի բազմացումը։