ԱՐՏԱԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու հետ։ Հայաստանի կառավարութենէն ներս տեղի ունեցած տեսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ Թուրքիոյ անմիջական աջակցութիւնով սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին։
Արցախի հրատապ իրադարձութիւնները համայն հայութեան ուշադրութեան կեդրոնին յայտնուած են։ Սփիւռքի զանազան հայաշատ կեդրոններէն ներս կը կատարուին ցոյցեր՝ ի պաշտպանութիւն Արցախի եւ Հայաստանի։
Արցախի ճակատին վրայ միշտ լարուածութիւն. Կարմիր խաչը տեղեկացուց, որ հրադադարի պահպանման կանոնները բաւարար չեն՝ գործողութիւններու սկսելու համար: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շարունակ կրակ եւ արցունք:
Արցախի պատերազմի մթնոլորտին մէջ Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ փոխանցուած պատգամներուն մէջ հետզհետէ աւելի ընդգծեալ ձեւով կ՚արտայայտուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ակնկալութիւնը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հարցազրոյց մը տուաւ գերմանական ZDF հեռուստակայանին։
Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան շաբաթավերջին Երեւանի մէջ այցելութիւն մը տուաւ այն ռուս լրագրողին, որ Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ռմբակոծման ժամանակ վիրաւորուած էր ծանրօրէն։ Արցախի մէջ վիրահատուելէ վերջ վիրաւորեալ ռուս լրագրողը արդէն փոխադրուած է Երեւան, ուր ապաքինման փուլի մէջ կը գտնուի։
Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ երկու շաբթուան լայնածաւալ պատերազմի ծանր պայմաններուն ներքեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեղի ունեցաւ առաջին ուղղակի շփումը:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ անտեսելով յայտարարուած հրադադարը՝ Ատրպէյճան ժամը՝ 12.05-ին ձեռնարկած է յարձակումի մը։
Արցախի պատերազմին զուգահեռ մինչ երէկ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցան բանակցութիւններ, Երեւանի մէջ ալ տեղի ունեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան Միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադար հաստատելու ուղղեալ՝ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի ջանքերը դատապարտուած են, եթէ համաձայնութիւնները չեն երաշխաւորեր հայկական զօրքերու ետ քաշուիլը։