ԹԱԹՈՅԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՆԱՄԱԿՆԵՐ
Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան երէկ պաշտօնական նամակներով դիմեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպըրչիկին։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ Ատրպէյճանէն հայ ռազմագերիներու վերադարձի եւ անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ հարցերու։
Նահատակեալ լրագրողը մահուան տարելիցին առթիւ հերթական անգամ կը վերյիշուի բիւր յարգանքով:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին յաջորդած իրադրութեան մէջ երկու ղեկավարները շօշափեցին Թուրքիա-Ռուսաստան դիտարկման համատեղ կեդրոնի մօտալուտ գործունէութեան վերաբերեալ հարցեր։
Արցախի ձեռագրական ժառանգութիւնը կը ցուցադրուի Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին մէջ։ Այսպէս, Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանը կը պատրաստուի ցուցադրութեան մը։
«Կամք, իմաստութիւն, սէր» խորագրով մէկ հարթակի մէջ կը ներկայացուին անուանի հայ արուեստագէտներու բացառիկ գործերը։ Այսպէս, Վարդգէս Սուրէնեանցի, Եղիշէ Թադէոսեանի, Յակոբ Կիւրճեանի, Գրիգոր Խանճեանի, Մինաս Աւետիսեանի, Սերկէյ Փարաճանովի եւ խումբ մը այլ անուանի հայ արուեստագէտներու աշխատանքներ, որոնց մէջ կը պատկերուի Յիսուս Քրիստոսի կերպարը, կը ներկայացուին «Կամք, իմաստութիւն, սէր» խորագրով ցուցահանդէսով:
Ալիեւները այց մը տուին Շուշի՝ ներառեալ քաղաքի մեծ մզկիթն ու Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ սկսած է թուրք զինուորականներու Ատրպէյճան ուղարկման գործընթացը։ Ըստ Չավուշօղլուի, Թուրքիա պիտի շարունակէ Ատրպէյճանի հետ քննարկել հրադադարի վերաբերեալ հարցերը։
«Փիւնիկ» խումբը ուսումնամարզական հաւաք պիտի կատարէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ։ Այսպէս, պատրաստուելու համար Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյենութեան 2020-2021 տարեշրջանի երկրորդ բաժնին, «Փիւնիկ» ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ Մոսկուայի մէջ ներկայ շաբթուան սկիզբին տեղի ունեցած եռակողմանի գագաթաժողովին արձագանգները միշտ կը վերահաստատեն, թէ Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը տարածքաշրջանային նոր իրողութիւն մը պիտի ստեղծէ։ Ռուսական լրատուամիջոցները այս կապակցութեամբ կը շարունակեն մանրամասնութիւններ հրապարակել՝ շեշտելով նաեւ, որ Մոսկուայի եռակողմանի վերջին բանակցութիւններու արդիւնքները Պաքուի եւ Երեւանի մէջ տրամագծօրէն հակառակ գնահատական ստացած են։