«ԲԻՒՐԵՂԱՊԱԿԵԱՅ ԴՂԵԱԿ» ՊԱԼԷՆ
«Բիւրեղապակեայ դղեակ» պալէի ներկայացումը կը ցուցադրուի առցանց հարթակով։ Այսպէս, Երեւանի «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնը յուլիսի 17-ին՝ Հայաստանի ժամով 20.00-ին, առցանց կը ցուցադրէ ժամանակակից յօրինող Ալեքսէյ Շորի «Բիւրեղապակեայ դղեակ» բազմաժանր պալէի ներկայացումը:
Թաթա Սիմոնեան հոլովակ թողարկած է «3.33 ռեփ» խումբի հետ։ Այսպէս, Թաթա Սիմոնեան զարմացուցած է իր երկրպագուները՝ համատեղ հոլովակ ներկայացնելով «3.33 ռեփ» խումբի անդամներու՝ Ֆելիքս Խաչատրեանի եւ Նարեկ Յովսէփեանի հետ:
Հնդկաստանի մէջ սկսած են վաճառել ադամանդներով պատուած պաշտպանիչ դիմակներ։ Այսպէս, Հնդկաստանի Սուրաթ քաղաքի ոսկերչական խանութներէն մէկը քորոնաժահրի տարածման ընթացքին սկսած է վաճառել ադամանդներով զարդարուած պաշտպանիչ դիմակներ, որոնց արժէքը 2-5 եւ աւելի հազար ամերիկեան տոլար է:
Ճոն Թրավոլթայի կինը՝ դերասանուհի Քելի Փրեստըն, մահացած է քաղցկեղէ։ Այսպէս, 57 տարեկան հասակին կրծքագեղձի քաղցկեղէ մահացած է դերասանուհի Քելի Փրեստըն: Այս կորուստի մասին իր ամուսինը՝ դերասան Ճոն Թրավոլթա, յայտնած է Instagram-ի մէջ:
Երկար ժամանակ մարդիկ կը փորձէին գտնել միջոց՝ զերծ պահելու համար դաժան վերաբերմունքէ կենդանիները, որոնց կաշին կ՚օգտագործուի նորաձեւութեան մէջ։
Ֆրանսայի մէջ կը նախատեսուի բանալ ջուրի վրայ «շարժանկարի սրահ»։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած լարուածութիւնը հերթական անգամ միջազգային օրակարգի վրայ բերաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։ Հրադադարի խախտումները դատապարտուեցան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ։ ՄԱԿ կոչ ուղղեց, որպէսզի մարտական գործողութիւնները դադրեցուին։ Զօհրապ Մնացականեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սերկէյ Լաւրովի հետ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Գերմանիայէն Հայաստան մեկնեցան մասնագէտներ:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ երէկ վերստին հրապարակեց վիճակագրական վերջին տուեալները։ Նախարար Ֆահրետտին Քոճա շեշտեց, որ միջին հաշուով շաբաթ մը առաջուան տուեալներու բաղդատմամբ օրական նոր դէպքերու թիւը վճռած են հազարի շեմէն վար իջեցնել։