ԱՆԸՆԴՄԷՋ ԵՐԿՐՈՐԴ ՕՐԸ՝ ՀԱԶԱՐԻ ՇԵՄԷՆ ՎԱՐ
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա քաղաքացիներուն խորհուրդ տուաւ, որպէսզի բազմութիւն միջավայրերու մէջ չգտնուին։ Ըստ նախարարին, բոլորը պէտք է իրենց գործերը այնպէս մը դասաւորեն, որ բազմութեան մէջ չմտնեն։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա քաղաքացիներուն խորհուրդ տուաւ, որպէսզի բազմութիւն միջավայրերու մէջ չգտնուին։ Ըստ նախարարին, բոլորը պէտք է իրենց գործերը այնպէս մը դասաւորեն, որ բազմութեան մէջ չմտնեն։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Moderna դեղագործական ընկերութիւնը հետզհետէ կը զարգացնէ քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթ մը գտնելու ուղղեալ աշխատանքները։ Կը հաղորդուի, որ պատուաստանիւթի փորձարկումներու արդիւնքները միշտ կ՚ըլլան յուսադրիչ։
Վերջին օրերու բախումներէն վերջ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ երեկոյեան ժամերէն սկսեալ լարուածութիւնը նուազած է, յարաբերական անդորր կը տիրէ:
«Զինեալ ուժերը հերթական անգամ կ՚ապացուցանեն, թէ կարելի չէ մեզի հետ խօսիլ ուժի դիրքերէ», ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ բանակի վերնախաւին հետ խորհրդակցութիւններէ վերջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Գերազանցապէս ռազմական գործողութիւններու օր էր երէկ։ Եթէ մէկ նախադասութեամբ փորձենք երէկուան իրավիճակը նկարագրել, ապա անկասկած՝ որ շեշտը պարտաւոր ենք դնել ռազմական գործողութիւններուն վրայ։
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ, Թուրքիոյ մէջ նոր վարակեալներու թիւը 33 օր վերջ իջաւ հազարի շեմէն վար։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ ներկայացուց վիճակագրական վերջին տուեալները։
Թրքական գրականութիւնը երէկ ունեցաւ մեծ կորուստ մը։ Ոչ եւս է գրող Ատալէթ Աղաօղլու, որ 91 տարեկան հասակին Իսթանպուլի մէջ կնքեց իր մահկանացուն։
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի զինեալ ուժերը երէկ նոր հերթապահութիւն մը իրականացուցին Իտլիպի մէջ։ M-4 մայրուղիի վրայ տեղի ունեցաւ այս հերթապահութիւնը, որ 21-րդն էր իր նմաններու շարքին։
15 յուլիս 2016 թուականին պատահած պետական հարուածի փորձի 4-րդ տարելիցը այսօր կը նշուի բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Այդ արիւնալի դէպքերէն եւ ժողովուրդի կողմէ ցուցադրուած մեծ դիմադրութենէն ի վեր՝ յուլիսի 15-ը Թուրքիոյ մէջ կը նշուի որպէս «Ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան օր»։
Կարսիա Լորքայի աշխարհահռչակ ողբերգութիւնը կը ներկայացուի առցանց հարթակի վրայ։ Այսպէս, սպանացի բանաստեղծ, թատերագիր Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքայի «Արիւնոտ հարսանիք» ստեղծագործութեան հիման վրայ բեմադրուած ներկայացման տեսաձայնագրութիւնը կը ցուցադրուի Վանաձորի «Յովհաննէս Աբէլեան» պետական տրամաթիքական թատրոնի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջին մէջ:
«Բիւրեղապակեայ դղեակ» պալէի ներկայացումը կը ցուցադրուի առցանց հարթակով։ Այսպէս, Երեւանի «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնը յուլիսի 17-ին՝ Հայաստանի ժամով 20.00-ին, առցանց կը ցուցադրէ ժամանակակից յօրինող Ալեքսէյ Շորի «Բիւրեղապակեայ դղեակ» բազմաժանր պալէի ներկայացումը: