ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոս Կէորկիա Սուլթանոփուլոն։ Ներկայ էր նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ կը ջանան նոր կացութեան մը ծնունդ տալ Մերձաւոր Արեւելքէ ներս. Պաղեստին բուռն կը բողոքէ:
Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները քննարկեցին երկրէն ներս ստեղծուած կացութիւնը:
Արմէն Սարգսեան տեսակցեցաւ Վազգէն Սարգսեանի ընտանիքի անդամներուն հետ:
Հայաստանի Քննչական կոմիտէի նախագահ Հայկ Գրիգորեան երէկ բացատրութիւններ տուաւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Կէորկի Կուտոյեանի մահուան վերաբերեալ յառաջ տարուած հարցաքննութեան շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան յայտնեց, որ Կէորկի Կուտոյեան ինքնասպանութիւն կատարած է նեղ անձնական պատճառով մը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան առընթեր գործող Բարձրագոյն ուսուցման ներուժի զարգացման ծրագրին եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին միջեւ վերջերս ստեղծուեցաւ համաձայնութեան յուշագիր մը։ Լիբանանէն հինգ համալսարաններ ընդգրկուած են այս ծրագրին մէջ եւ այդ երկրի պարագային յատկացուած է 10 միլիոն ամերիկեան տոլար։
«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրաւ պատմական կարեւոր ուսումնասիրութիւն մը, որու հեղինակն է ֆրանսացի պատմաբան Ռընէ Կրուսէ։ 1947 թուականին այս աշխատութեան ֆրանսերէն բնագիրը առաջին անգամ հրատարակուած է Փարիզի մէջ՝ «Հայաստանի պատմութիւն» անուան տակ։
ՀՏՓ-ական Թումա Չելիք կոչ ուղղեց, որպէսզի Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած այսօրուան մրցոյթը ջնջուի:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց ֆրանսացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:
Մարզական աշխարհը ցնցումի մէջ է պասքսեթպոլի առասպելական աստղերէն Քոպի Պրայնտի մահուան հետեւանքով։ Ան եւ իր դուստրը զոհ գացին ուղղաթիռի արկածի մը։