5 ՄԱՐՏԻՆ ԳԱԳԱԹ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին տեղեկացուց, որ 5 մարտին քառակողմանի գագաթաժողովի մը պիտի մասնակցի՝ Իտլիպի իրադարձութիւնները քննարկելու համար։ Էրտողանի առընթեր այդ գագաթաժողովին պիտի մասնակցին՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ։
Կաթոլիկ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու միաբաններու ճանաչողական այցը եզրափակուեցաւ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երկու ղեկավարները անդրադարձան Սուրիոյ տագնապին՝ Իտլիպի իրադարձութիւններու լոյսին տակ։
Jewishpress.com հետաքրքրական տուեալներու կ՚անդրադառնայ Ս. Քաղաքի հայկական թաղամասին մասին:
«Նոթրը Տամ տը Սիոն» ֆրանսական լիսէի երդիքին տակ շահեկան ու եզակի ցուցահանդէս մը՝ օսմանա-եւրոպական յարաբերութիւններուն շուրջ:
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան երէկ Հռոմի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Նիւ Եորքի առաջնորդ կարտինալ Տիմոթէոս Տոլանի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, նորին սրբազնութիւնը շուրջ երեք տասնամեակ պաշտօնավարած է որպէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ։
Պեշթեփէի համալիրէն ներս այսօր կազմակերպուած է բացման հանդիսաւոր արարողութիւն մը:
Հայ երիտասարդ հոգեւորականներու Վատիկան կատարած այցելութիւնը կը բնորոշուի բազմակողմանի շփումներով եւ երկխօսութեամբ: