ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ժընեւի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 43-րդ նստաշրջանը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Զօհրապ Մնացականեան երէկ Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, որ եւս մասնակցութիւն կը բերէ ՄԱԿ-ի ժողովներուն։
Երեւանի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ եզակի համերգ մը, որու ընթացքին Եոհան Սեպաստիան Պախի «Չարչարանքներ ըստ Յովհաննու» հանճարեղ ստեղծագործութիւնը ընդունուեցաւ ջերմ ու անվերջ ծափահարութիւններով։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Պաքու՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրով։ Երկու նախագահները կը գլխաւորեն Թուրքիա-Ատրպէյճան Բարձր մակարդակով ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի 8-րդ ժողովը։
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի այժմու փուլին շուրջ արժեւորում:
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս:
Հայաստան-Սլովաքիա յարաբերութիւններու խթանման համար կարեւոր գործօն:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շաբաթավերջին ձեռնադրութիւն կատարեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Հայաստանի եւ Արցախի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդները համատեղ նիստ մը գումարեցին: