ԳՈՀԱՐ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Ռուսաստանի Չելեապինսք քաղաքին մէջ «Ծնած եմ ապրելու համար» տեղաշարժման խնդիրներ ունեցող կանանց գեղեցկութեան մրցոյթի ծիրէն ներս Հայաստանը ներկայացնող Գոհար Նաւասարդեան անցած է եզրափակիչ փուլ՝ արժանանալով «Սփորի թագուհի» անուանակարգին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, միջազգային ամենամեայ այս մրցոյթը կ՚իրականացուի Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու ազգային հաստատութիւններու աջակցութեամբ: