ԱՌԱՋՆԵԿԸ՝ ՆՈՐՈՎԻ
Հոգեւոր գլուխգործոց:
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագիրքի առաջին աշխարհաբար փոխադրութեան վերահրատարակութեան առթիւ փայլուն շնորհանդէս մը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ: Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի բարձր հովանաւորութեամբ կազմակերպուած հաւաքոյթը հնարաւորութիւն ընձեռեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի թողած ժառանգի վերարժեւորման: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արտասանեց գեղահիւս հուսկ բանք մը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Մայրավանքի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի դահլիճի երդիքին տակ: Թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան որդիաբար երախտագիտութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան եւ խոր յարգանքով վերյիշեց հոգելոյս փրոֆ. Հրաչիկ Միրզոյեանը, որու նուիրեալ աշխատանքով կեանքի կոչուեցաւ հրատարակչական այս կարեւոր ծրագիրը:
Տ. Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեան հանգամանօրէն ներկայացուց անկրկնելի երկին իմաստը եւ Քասիմի կողմէ կատարուած աշխատանքին բարձր նշանակութիւնը, ինչ որ կ՚առանձնանայ անոր թողած վիթխարի աւանդի ամբողջութեան մէջ:
Ժողովրդական արուեստագէտ Դաւիթ Յակոբեան դիպուկ ձայնով ընթերցեց հատուածներ: «Գեղարդ» խումբէն Լուիզա Երամեանի եւ Անահիտ Պապեանի մեներգները խոր տպաւորութիւն գործեցին ներկաներուն վրայ: Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան ողջոյնի խօսքին մէջ շեշտը դրաւ արեւմտահայերէնի պահպանութեան մարտահրաւէրին վրայ՝ Յովհաննէս Թումանեանէ վկայութիւններով հանդերձ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց. «Նարեկը թէեւ ազգային հողի վրայ արմատացած Հայ Եկեղեցւոյ ծոցէն վերընձիւղուած է, սակայն իր բնոյթով ունի համամարդկային արժէք, որով ամբողջ մարդկութեան կը մատուցուի Բարձրեալն Աստուծոյ հետ անընդմիջելի զրոյցի առանձնայատուկ փորձառութիւն մը։ Այս նշանակութեամբ Սուրբ Գրիգոր Նարկեցին եւ իր աղօթագիրքը դուրս են ժամանակային եւ աշխարհագրական սահմաններէ»:
«Մատեանի արեւմտահայերէն ներկայ վերահրատարակութիւնը կը նուիրուի պոլսահայ յայտնի մտաւորական, գրող, հրապարակախօս, խմբագիր ու հրատարակիչ Միսաք Գօչունեանի հիմնադրած ԺԱՄԱԱԿ օրաթերթի յոբելեանին՝ իբրեւ արժանի ընծայ արեւմտահայ իրականութեան մէջ կարեւոր աւանդ բերած այս պարբերականին»:
Կ. Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի 110-ամեակի առիթով, Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան եւ Գօչունեան ընտանիքի մտայղացմամբ, 2018 թուականին առաջին անգամ, վերանայուած տարբերակով վերահրատարակուած է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագիրքի արեւմտահայերէն տարբերակը: Սոյն թարգմանութիւնը, իրաւամբ, կը համարուի «Նարեկ»ի առաջին, ամբողջական աշխարհաբար թարգմանութիւնը:
Ապրիլի 5-ին Հայաստանի մէջ նախատեսուած հանրաքուէին ընդառաջ վարչապետը զանազան քաղաքներէ ներս հանդէս կու գայ իրերայաջորդ ելոյթներով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրով վարակուած առաջին հիւանդի պարագայի լոյսին տակ՝ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան այս առթիւ շեշտեց, որ ժահրէն պաշտպանուելու հիմնական նախապայմանն է մաքրութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ երկրի Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Յակոբեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Տիգրան Յակոբեան ներկայացուց իր գլխաւորած յանձնաժողովի գործառոյթներն ու ծաւալած գործունէութիւնը։
Ֆրանսահայ ուսանողներու նորաստեղծ միութիւնը կը քաջալերէ հայերէնի առաւելագոյնս գործածութիւնը:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչատունը ներկայիս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է Զաւէն Պիպեռեանի «Լկրտածը» վէպին վերահրատարակութիւնը։ Սա հեղինակի անդրանիկ վէպն է, որ առաջին անգամ հրատարակուած է 1959 թուականին։