ԱՄԵՆ Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՐԷԿ ՆՈՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐ ՁԵՌՆԱԴՐԵՑ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։ Պատմական թաղի եկեղեցւոյ մէջ յատկանշական օր մը ապրուեցաւ՝ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեան մասնակցութեամբ։
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի բարձրաստիճան պատուիրակութիւններուն միջեւ բանակցութիւններ կ՚ընթանան:
Մոսկուայէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը բանակցութիւններ վարելու համար Անգարա կ՚այցելէ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորը երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան։ Սա պատմականօրէն աննախընթաց իրադարձութիւն մըն է։
Հայաստանի վարչապետը յառաջիկայ շաբաթ աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Գերմանիա:
Անգլիոյ Սենեկային նուագախումբը յառաջիկայ շաբթուան մէջ նուագահանդէս մը պիտի սարքէ Իսթանպուլի մէջ։ Ձեռնարկը նախատեսուած է հինգշաբթի, 13 փետրուարի երեկոյեան, «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» (CRR) համերգասրահին մէջ։
MİAM-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ Օննօ Թունչին ձօնուած երաժշտական օրերը վերջացան:
«Քաղաքական գործունէութեան սկսած օրէս ի վեր պարտականութիւն համարած եմ պաշտպանել թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Ատրպէյճանի շահերը»:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց քարոզներու ժողովածոյի մը, որ ընթերցողին հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ հարուստ գիտելիք ստանալու քրիստոնէական հաւատի մասին։ «Որոնումներ…» խորագրեալ այս գիրքի հեղինակն է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան։