ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱՆԵԼԻ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՊԱՐԷՆԻ ԾԱՅՐԱՅԵՂ ՀԱՐՑԵՐ ՊԻՏԻ ՉԾԱԳԻՆ
Քորոնաժահրի համավարակի դէմ պայքարի ծիրէն ներս, Հայաստանի մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը երկարաձգուեցաւ եւս 30 օրով։ Երէկ, Հայաստանի կառավարութիւնը գումարեց արտահերթ նիստ մը, որու ընթացքին որոշուեցաւ՝ մինչեւ 14 մայիս 2020 թուականը երկարաձգել ձեռք առնուած նախազգուշական միջոցները։
Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվլին եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը՝ Սուրբ Զատկի տօնին առթիւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Իսրայէլի պետութեան ղեկավարը կապ հաստատած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին հետ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Ս. Զատկի տօնին առթիւ երէկ հրապարակեց շնորհաւորական մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր պատգամին թրքերէն բնագիրը։
Քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով երէկ Թուրքիոյ մէջ մահացաւ եւս 97 հոգի։ Այսպէսով զոհերու ընդհանուր թիւը հասաւ 1198-ի։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետիին Քոճա երէկ տեղեկացուց, որ ներկայիս վարակեալներու թիւը հասած է 56 հազար 956-ի։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի։ Իսկ ան որ ողջ է եւ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չմեռնի։ Կը հաւատա՞ս ըսածիս»։ (Յովհ. 11։25-26)
The National ազդեցիկ պարբերականը, որ լոյս կը տեսնէ Ապու Տապիի մէջ, «Տեսակէտ» խորագրին ներքեւ վերջին օրերուն ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի մտորումները։ Այս առթիւ Արմէն Սարգսեան շեշտեց, որ արհեստական բանականութիւնն ու մարդիկ պիտի գոյակցին, պիտի չմրցին։