ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԷՋ ՎԵՐԱՀՍԿՄԱՆ ՍԱՐՔԵՐ
Վենետիկի մէջ զբօսաշրջային հոսքի վերահսկման ինքնուրոյն գործող սարքերով համակարգ կը գործարկեն։ Այսպէս, Վենետիկը հիւրերու գերաւելցուկ (overtourism) ունեցող զբօսաշրջային ուղղութիւններէն առաջինն է, որ ճանապարհորդներու հոսքերու վերահսկման ինքնուրոյն գործող սարքերով համակարգ կը գործարկէ։

Իտլիպի մէջ 8 թուրք զինուոր նահատակուեցաւ՝ Դամասկոսի կառավարական զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով, նաեւ վիրաւորներ:
Իսթանպուլի Թեքնիկ համալսարանի Երաժշտական յառաջացած ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի (MİAM) նախաձեռնութեամբ այս օրերուն կեանքի կը կոչուի ծրագիր մը, որ ձօնուած է անմոռանալի յօրինող, փոփ երաժշտութեան գլուխգործոցներու երգահան Օննօ Թունչի յիշատակին։ Երէկ սկսած այս ծրագիրը պիտի շարունակուի մինչեւ հինգշաբթի։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ միօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Քիեւ, ուր Մարինսքի պալատէն ներս հիւրընկալուեցաւ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի կողմէ։ Երկու նախագահներուն գլխաւորութեամբ Քիեւի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Ուքրայնա Բարձր մակարդակով ռազմավարական խորհուրդի 8-րդ ժողովը։
Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ։ Այցելութեան օրերուն ան ընդունուեցաւ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Լաշա Տարսալիայի եւ Հաշտութեան ու քաղաքացիական հաւասարութեան հարցերու գծով Պետական նախարար Քեթեւան Ցիխելաշվիլիի կողմէ։
ՀՏՓ-ական երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէն ներս օրակարգի վրայ բերաւ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներու ընդհատման հարցը։ Տիարպաքըրի պատգամաւոր Փայլան այս կապակցութեամբ հարցադրում մը ներկայացուց՝ Հաղորդակցութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Մեհմէտ Ճահիտ Թուրհանին։
Ներկայ ժամանակներու եւ եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներու լոյսին տակ:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը բացառիկ հարցազրոյց մը տուած է «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր միօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Քիեւ։ Թուրքիա-Ուքրայնա Բարձր մակարդակով ռազմավարական խորհուրդի 8-րդ ժողովին մասնակցութիւն կը բերէ Էրտողան եւ այս ծիրէն ներս կազմակերպուած Թուրքիա-Ուքրայնա գործարար ֆորումին ժամանակ կը հանդիպի նաեւ գործարար աշխարհէ ներկայացուցիչներու հետ։