ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԱՊՏՈՒԼԼԱՀ Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորը այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Ապտուլլահ Բ. թագաւորը երէկ երեկոյեան ժամերուն հասաւ Երեւան, ուր Զուրաթնոց օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի կողմէ։
Թուրք զինեալ ուժերը երէկ դարձեալ կորուստներ տուին Իտլիպի մէջ, ինչ որ մեծ ցասում յառաջացուց բովանդակ երկրին մէջ։ Այսպէս, Սուրիոյ կառավարական ուժերու թիրախը դարձաւ թրքական զօրքերու դիտարկման յենակէտերէն մին։
«Եթէ մեր հասարակաց հարստութիւնը չբաժնենք, ապա զայն պիտի փտի ու մեզմէ պիտի գողցուի»:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։ Պատմական թաղի եկեղեցւոյ մէջ յատկանշական օր մը ապրուեցաւ՝ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեան մասնակցութեամբ։
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի բարձրաստիճան պատուիրակութիւններուն միջեւ բանակցութիւններ կ՚ընթանան:
Մոսկուայէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը բանակցութիւններ վարելու համար Անգարա կ՚այցելէ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորը երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան։ Սա պատմականօրէն աննախընթաց իրադարձութիւն մըն է։
Հայաստանի վարչապետը յառաջիկայ շաբաթ աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Գերմանիա:
Անգլիոյ Սենեկային նուագախումբը յառաջիկայ շաբթուան մէջ նուագահանդէս մը պիտի սարքէ Իսթանպուլի մէջ։ Ձեռնարկը նախատեսուած է հինգշաբթի, 13 փետրուարի երեկոյեան, «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» (CRR) համերգասրահին մէջ։