ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԲՈՂՈՔԻ ՁԱՅՆԵՐ
Երեւանի ղեկավարութիւնը վերջին օրերուն բուռն հակազդեցութեան առարկայ կը դարձնէ Անգարան՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին բերումով։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու վերջին օրերուն Անգարայի մէջ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ 23 փետրուարին Գահիրէի մէջ իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ յայտնի ու վաստակաշատ լրագրող Հայկ Քիրազեան (Ժան Կեռաս)։ Այս վերջինը Միջին Արեւելքի մասնագէտ մըն էր։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս առաւօտ սկսաւ ԳՀԽ-ի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան ժամերուն հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարներու հեռախօսազրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Իտլիպի իրադարձութիւնները, որոնք Սուրիոյ տագնապի ամբողջին մէջ դարձած են հրատապ։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետն ու Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն ընթացքին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ բիւր օրհնութիւններ բաշխեցին հաւատացեալներուն:
Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը այսօր երեկոյեան ժամերուն Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ կը գումարէ ժողով մը։ Սա Համայնքային վաքըֆներու հարթակի՝ VADİP-ի նոր անունն է եւ նոյն ձեւաչափով տեղի կ՚ունենայ նիստը՝ գլխաւորութեամբ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի։
Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու յայտարարեց, որ Իսթանպուլի մէջ նախատեսուած հաւանական մեծ երկրաշարժին համար կը մշակուի ծրագիր մը։ «Անատոլու» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ նախարարը շեշտեց, որ մշակուածը մեծ ծրագիր մըն է։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հետ ողջագուրուելէ առաջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ Թիֆլիզի մէջ այցելեց «Ամենայն հայոց բանաստեղծ» Յովհաննէս Թումանեանի տունը: Նորին Ամենապատուութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին անդրանիկ ուղեւորութեան առթիւ արժանացաւ մեծ պատիւներու: Սրբոց Հրեշտակապետաց մատրան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն, որու ընթացքին լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան ողջոյնի խօսք մը արտասանեց միաբանութեան անունով: Վեհարանի գահասրահէն ներս Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի նորընտիր գահակալի մասին: Մայրավանքի համալիրէն ներս արտասովոր ոգեւորութիւն ստեղծուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ.-ի այցելութեան բերումով:
Իտլիպի մէջ պատահած յարձակումը եւ անոր հետեւանքով Թուրք զինեալ ուժերու 33 հերոս զինուորներու նահատակութիւնը մեր երկրին մէջ խոր ցնցում յառաջացուցած է։ Սրտանց բաժնելով մեր ազգի ցաւը, նահատակներուն համար ի Տեառնէ կը հայցենք ողորմութիւն։