ԵՒ ՎԵՐՋԻՆ ՔԱՅԼԸ
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը կը հասնի իր աւարտին. Ազգային պատգամաւորական ժողովը այս առաւօտ գումարուեցաւ Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ: Գումգաբուի մէջ յետմիջօրէին տեղի կ՚ունենայ Հրաշափառի արարողութիւն:
Պատգամաւորները գահ կը բարձրացնեն տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը, որ արժանացաւ մեր ժողովուրդի անվերապահ զօրակցութեան: Այսօր կ՚ընտրուի նաեւ Կրօնական ժողովի նոր կազմը:
Թրքահայութիւնը կ՚ողջունէ իր նորընտիր հոգեւոր պետը՝ ակնկալելով, որ անոր օրհնութեամբ եւ իմաստուն մականին ներքեւ կարողանայ կերտել լաւ ապագայ մը եւ ունենայ ծաղկուն շրջան մը:
Շաբաթավերջի քուէարկութեան բարեյաջող աւարտը երկար ատեն վերջ ստեղծած է լաւատես մթնոլորտ մը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան եւ Ուաշինկթըն կը քննարկեն իրենց ռազմավարական երկխօսութեան ընթացքն ու յառաջիկայ քայլերը:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս աշխարհական պատգամաւորներու երէկուան ընտրութիւնը եկաւ բնորոշել պատմական հանգրուան մը:
Պատրիարքական Աթոռի 85-րդ գահակալի ընտրութեան համար թրքահայութիւնը կը փութայ քուէատուփի մօտ:
Պոմոնթիի եւ Բանկալթիի Մխիթարեան սանուց միութիւններու համատեղ նախաձեռնութեամբ ձեռնարկ մը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Պրաթիսլաւայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սլովաքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաքի հետ, որ միեւնոյն ժամանակ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահն է։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ մասնակցեցաւ ժողովրդական մեծ հաւաքի մը։ Այս շաբաթավերջի ընտրութեան սեմին իր գլխաւորած Մանիշակագոյն շարժման կողմէ կազմակերպուած եզրափակիչ ժողովրդական հանդիպումն էր այս մէկը։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրները կը վերահաստատեն իրենց միջնորդական յանձնառութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս. պատուիրակութիւններու ղեկավարներու համատեղ յայտարարութիւն: