Լրահոս

ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՉԱԿԱՆ ԱՐՇԱՒ

Յառաջիկայ 22 օգոստոսին Գումգաբուի մէջ պիտի մէկտեղուին Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներն ու թաղային խորհուրդներու ներկայացուցիչները՝ կարծիքի փոխանակումներ ունենալու համար Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրական գործընթացէն ներս միասնական ջանքերով կատարուելիք վիթխարի աշխատանքին շուրջ:
Ընտրացուցակներու այժմէականացման ու կատարելագործման մարտահրաւէրը կը պայմանաւորէ արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան տեսակէտէ երաշխաւորեալ մթնոլորտի մը ստեղծուիլը:

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԱՄՆ-Ի ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զինուորական պատուիրակութիւններուն միջեւ այս օրերուն Անգարայի մէջ կ՚ընթանան բանակցութիւններ, որոնց նպատակն է համաձայնութեան հասնիլ Սուրիայէ ներս անվտանգ գօտի մը ստեղծելու հարցին շուրջ։ Անգարա երկար ժամանակէ ի վեր միջազգային բեմահարթակի վրայ ահազանգ կը հնչեցնէ՝ Եփրատի արեւելքը ահաբեկիչներէն մաքրագործելու հարցին շուրջ։

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ԱՐՑԱԽԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Է ԵՒ ՎԵՐՋ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան խանդավառ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Արցախի մէջ։ Ան Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ կազմակերպուած հանրահաւաքի մը ժամանակ ունեցաւ այդ ելոյթը։

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՔԱՅԼ

Հանրապետական շրջանին առաջին անգամ եկեղեցի մը կը կառուցուի Թուրքիոյ մէջ. դարակազմիկ զարգացում։
Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան կարճ զրոյց մը ունեցան հիմնարկէքի ժամանակ։

ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ ՍԱՐՍԱՓԵԼԻ ԴԷՊՔԵՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան իրերայաջորդ սարսափելի յարձակումներ։ Այսպէս, Թեքսաս նահանգէն ներս, առեւտուրի կեդրոնի մը մէջ սպաննուեցաւ քսան հոգի եւ այս դէպքէն քանի մը ժամ անց Օհայոյի մէջ պառ մը ենթարկուեցաւ զինեալ յարձակման։

ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ

Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկեց համայնքային օրակարգը:
Նորին սրբազնութիւնը երէկ երեկոյեան Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մանրամասն խորհրդածութիւններ ըրաւ՝ համայնքային կեանքի ընթացքին եւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի հեռանկարներուն շուրջ:

ՖԷՆԷՐԻ ՄԷՋ ՋԵՐՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը։ Իրեն կ՚ընկերանային Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Կրօնական ժողովի անդամներէն Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

ԴՐԱԿԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի դիւանը վերջին օրերուն մամլոյ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց՝ Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի մասին:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի այցելութեան զուգահեռ՝ հայութեան օրակարգին վրայ գետի նման վարարած հաւանական հեռանկարներուն վերաբերեալ ակնկալութիւնները:

Էջեր