ՄԵԾ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՄԸ
«Կալերի 77»ի տաղաւարին մէջ ներկայացուած են հայ արուեստագէտներու գործեր:
Contemporary Istanbul-ը այս տարի 14-րդ անգամ կը հիւրընկալէ գեղարուեստասէրները:
«Կալերի 77»ի տաղաւարին մէջ ներկայացուած են հայ արուեստագէտներու գործեր:
Contemporary Istanbul-ը այս տարի 14-րդ անգամ կը հիւրընկալէ գեղարուեստասէրները:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ ի մի հաւաքուեցան մեր համայնքէն խումբ մը հաշուապահ կամ հաշուեքննիչ մասնագէտներ եւ ելմտական խորհրդատուներ։ Այս հաւաքոյթին ընթացքին նկատի առնուեցաւ Պատրիարքարանի ելմտական ընդհանուր կացութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահը Անգարայի մէջ երէկ Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալեց Թուրքիոյ մեծ քաղաքներու քաղաքապետները:
Էրտողան այս սպասուած ելոյթին ժամանակ նշեց, որ քաղաքական քաշքշուքները ժամանակաւոր են, իսկ երկրին համար մատուցուած ծառայութիւնները՝ մշտական:

Աշխարհահռչակ ջութակահար Արա Մալիքեան նախընթաց օր նուագեց Իզմիրի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին ան համերգով մը հանդէս եկած էր Իսթանպուլի մէջ, իսկ նախընթաց օր ալ այս անգամ նուագեց Իզմիրի մէջ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Եւրոպայի զօրքերու փոխ-հրամանատար Սթեֆըն Մ. Թուի-թի եւ Կեդրոնի զօրքերու փոխ-հրամանատար Թոմաս Ու. Պերկսոն երէկ շարունակեցին իրենց շփումները Թուրքիոյ մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորականները Թուրքիա եկած են՝ Սուրիոյ հիւսիսին, Եփրատի արեւելքին անվտանգ գօտիի մը ստեղծման վերաբերեալ խնդիրները քննարկելու առաջադրութեամբ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան փոխ-նախարարի տեղակալը այցելեց Հայաստան:
Երեւան եւ Ուաշինկթըն առաւել խորացնել կը ձգտին բարեկամութիւնն ու գործընկերային յարաբերութիւնները:
Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան այս օրերուն կ՚այցելէ Մոսկուա, ուր բազմակողմանի հանդիպումներ կ՚ունենայ ռուսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Զարեհ Սինանեան կը ներկայացնէ Հայաստանի զարգացման ներկայ տեսլականն ու ընթացիկ արդիւնքները։
Արեւելեան Միջերկրականի մէջ Թուրքիոյ դէմ խմորումները կը շարունակուին ուշագրաւ իրադարձութիւններով։ Ծովու յատակի բնական պաշարները արդիւնահանելու համար վերջին շրջանին համագործակցութիւն մը կը հասուննայ Յունական Կիպրոսի, Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի միջեւ։
Սուրիոյ տագնապին հետեւանքով Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները միշտ կը զուգորդուին լարուածութեամբ:
Չավուշօղլու յայտնեց, որ Եփրատի արեւելքին Ուաշինկթըն իրականութեան մէջ ահաբեկիչներու համար անվտանգ գօտի մը ստեղծել կը փորձէ: Նախագահ Էրտողան շեշտեց, որ գաղթականաց նոր ալիք մը անտանելի պիտի ըլլայ Անգարայի համար: Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան մէջ ամերիկացի երկու հրամանատարներ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ այս օրերուն քաղաքս կ՚այցելէ ամերիկահայ յայտնի գիտնական Տքթ. Հրաչ Սէմէրճեան, որ նախկին պոլսահայ մըն է։ Ան կ՚ապրի Ուաշինկթընի մօտակայքին ու երկար տարիներ որպէս աւագ գիտնական աշխատած է ԱՄՆ-ի Առեւտուրի նախարարութեան ենթակայութեամբ գործող Չափանիշներու եւ փորձագիտութեան ազգային կաճառէն ներս։