Լրահոս

«ՍՏԵՂԾԱՐԱՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»Ի ԵՒ ՀԲԸՄ-Ի ՆՈՐԱՐԱՐ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՅԱՏՈՒԿ ԴՐԱՄԱՇՆՈՐՀՆԵՐ

«Ստեղծարար Հայաստան»ը («Creative Armenia») եւ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) սիրով կը յայտարարեն 2020-ի «Creative Armenia-AGBU Fellowship»երու մեկնարկը՝ մէկամեայ ծրագիր, որ ստեղծուած է նպաստելու աշխարհի նորարար հայ արուեստագէտներուն: Նիւթական եւ խորհրդատուական ամբողջական փաթեթ տրամադրող այս ծրագիրը նորարար արուեստագէտներուն ստեղծագործական վերելքի հասնելու հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ:

ՎԵՐՅԻՇՈՒՄ ԵՒ ՅԱՐԳԱՆՔ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակին նախագահութեամբ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Ազգային մեծանուն եւ անմոռանալի բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեան Լիզպոնի մէջ բիւր երախտիքով ոգեկոչուեցաւ՝ իր ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական ներկայ տարուան ծիրէն ներս: Փորթուգալի նախագահին մասնակցութեամբ ծանօթացուեցաւ նոյն առթիւ հրատարակուած՝ անոր կեանքին ու գործին ձօնուած շահեկան գիրքը:

ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՓՈՄՓԷՈՅԻ ՀԵՏ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու շաբաթավերջին կարեւոր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Մինչ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ բաւական խնդրայարոյց կացութիւն մը ստեղծուած է, առկայ մթնոլորտին մէջ երկու մայրաքաղաքներու միջեւ դիւանագիտական շփումներն ալ զուգահեռաբար խտացած են։

ՆՈՐ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՅԱՆ

«Ռենքօ» իտալական ընկերութիւնը ամենամեծ ներդրումը կը կատարէ Հայաստանի շուկայէն ներս:
Արտադրուելիք հզօրութիւնը ուժանիւթի համակարգէն ներս պիտի օգտագործուի նաեւ տարածքաշրջանային ծրագրերու համար:

«ԱՐԱՍ»ԷՆ ՇԱՀԵԿԱՆ ԳԻՐՔ

«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս լոյս ընծայած է շահեկան գիրք մը, որ պատմական ուսումնասիրութիւն մըն է։ «Պաքուի կոմունը 1917-1918. ազգն ու դասակարգը ռուսական յեղափոխութեան շրջանին» կը կոչուի այս գիրքը, որու հեղինակն է յայտնի պատմաբան Ռանըլտ Գրիգոր Սիւնի։ 1972 թուականին հեղինակին այս գործը հրատարակուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ «Կրօնական ազատութեան հարցերով նախարարական համաժողով»:
Զօհրապ Մնացականեան կանգ առաւ քրիստոնեաներու Մերձաւոր Արեւելքէ ներս ենթարկուած հալածանքներուն եւ Հայաստանի որդեգրած զգայնութիւններուն վրայ:

ՎԱՐՊԵՏԻ ՄԵԾ ԱՒԱՆԴԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Երեւանի մէջ նախընթաց օր այցելեց անմոռանալի նկարիչ Յակոբ Յակոբեանի բնակարան-արուեստանոցը։ Հոգելոյս նկարչի այրիին՝ Մարի Յակոբեանի եւ դստեր՝ Նորա Յակոբեանի ուղեկցութեամբ Արմէն Սարգսեան շրջայց մը կատարեց բնակարանէն ներս, ուր իրեն ներկայացուեցան մեծանուն վարպետի կտաւներն ու իւրայատուկ քանդակները։

Էջեր