ԼԻԼԻԹ ՊՕՂՈՍԵԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ
Հայաստանի յառաջատար պետմինթըն խաղացող Լիլիթ Պօղոսեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 21-30 յունիսին Մինսքի մէջ, Սպիտակ Ռուսիա, տեղի ունենալիք եւրոպական երկրորդ մարզական խաղերուն:
Հայաստանի յառաջատար պետմինթըն խաղացող Լիլիթ Պօղոսեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 21-30 յունիսին Մինսքի մէջ, Սպիտակ Ռուսիա, տեղի ունենալիք եւրոպական երկրորդ մարզական խաղերուն:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հանդիպում մը ունեցան Վիեննայի մէջ, ուր որոշեցին շարունակել ուղիղ երկխօսութիւնը։ Ցայսօր Փաշինեան եւ Ալիեւ Տուշանպէի, Սեն Փեթերսպուրկի եւ Տաւոսի մէջ հանդիպումներ ունեցած էին միջազգային զանազան համաժողովներու շրջանակներէն ներս։ Երէկուան հանդիպումը, որ կազմակերպուած էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու նախաձեռնութեամբ, երկու ղեկավարներու առաջին ուղղակի հանդիպումն էր։ Վիեննայի «Պրիսթոլ» պանդոկէն ներս բանակցութիւնները տեւեցին ընդհանուր առմամբ 3 ժամ 15 վայրկեան։ Առաջին հերթին Փաշինեան եւ Ալիեւ մէկտեղուեցան՝ ներկայութեամբ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի։
Վաղը բովանդակ Թուրքիոյ մէջ նախատեսուած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ։ Թէ՛ իշխանութեան եւ թէ ընդդիմութեան տեսակէտէ այս փուլը կը խորհրդանշէ կարեւոր փորձաքար մը։
Երէկ, Անթալիայի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Ռուսաստան Համատեղ ռազմավարական ծրագրաւորման խմբակի ժողովը, որու առթիւ մէկտեղուեցան երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները՝ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Սերկէյ Լաւրով։ Պելէքի զբօսաշրջութեան գօտիի պանդոկներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ ժողովը, որու ծիրէն ներս նախարարները ունեցան նաեւ առանձնազրոյց մը։
Անգլիոյ Երեսփոխանական ժողովը երէկ երրորդ անգամ մերժեց BREXIT-ի համաձայնութիւնը։ Այսպէսով անգլիացի խորհրդարանականները ճանապարհ հարթեցին, որպէսզի երկիրը ապրիլի 12-ին դուրս մնայ Եւրոմիութեան կազմէն։ Անգլիացի երեսփոխանները ձայներու 344-286 յարաբերակցութեամբ մերժեցին BREXIT-ի համաձայնութիւնը։ Նախապէս յունուարի 15-ին եւ մարտի 12-ին ալ անոնք հանդէս եկած էին նման դիրքորոշումով։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ այսօր կը քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի հեռանկարները:
Վիեննայի մէջ երէկ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն Զօհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի միջեւ:
Շաբաթավերջի ընտրութիւններուն ընդառաջ հանդիպում՝ Ֆէրիգիւղի ընտանիքի վարիչներուն հետ:
Մուսթաֆա Սարըկիւլ կը նախատեսէ երկու տարուան ընթացքին վերակառուցել Մէրամէթճեան վարժարանի շէնքը:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր Անթալիոյ մէջ կը հիւրընկալէ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ապրիլի 8-ին Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է Թուրքիա-Ռուսաստան բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի հերթական ժողովը։
BREXIT-ի գործընթացի մատնուած փակուղին կը բնորոշէ նաեւ Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի քաղաքական ճակատագիրը։ Ներկայ իրավիճակով գրեթէ անխուսափելի դարձած է անգլիացի վարչապետի հրաժարականը, ինչ որ կը համարուի միայն ժամկէտի հարց։ Financial Times թերթն ալ այս իրավիճակին մէջ հաղորդեց, որ Թերեզա Մէյի հաւանական հրաժարականէն վերջ վարչապետի պաշտօնին համար պայքար պիտի ընթանայ չորս քաղաքական գործիչի միջեւ։
Յառաջիկայ մայիսին մեր համայնքէն ուխտագնացութիւն մը պիտի կազմակերպուի դէպի Կրետէ կղզի։ Ինչպէս հաղորդած էինք նախապէս, տեղւոյն Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան յոբելեանը պիտի նշուի հանդիսաւոր ձեւով։