ՈՉ ԵՒՍ Է ԱԲԻԿ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ այս առաւօտեան ժամերուն Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի բազմամեայ ատենապետ Աբիկ Հայրապետեան կնքած է իր մահկանացուն յետ երկարատեւ հիւանդութեան։ Աբիկ Հայրապետեան, որ ծնած էր 1927 թուականին, միջոցէ մը ի վեր դարմանման տակ էր Ս.Փ. Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Թերթս մամուլի յանձնելու պահուն հասաւ բօթը։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Տեղւոյն Ներսէսեան դպրաց դասու հիմնադրութեան 162-րդ եւ վերակազմութեան 37-րդ կրկնակ տարեդարձները երէկ հանդիսաւորապէս նշուեցան կղզիի բարձունքին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Էրտողան. «Եփրատի արեւելքի ահաբեկչական լծակները պիտի մաքրագործուին»:
30 օգոստոսի Մեծ յաղթանակի տօնին առթիւ երէկ բովանդակ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցան փառաշուք հանդիսութիւններ։ Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, երեկոյեան ժամերուն, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ տիկնոջ՝ Էմինէ Էրտողանի տանտիրութեամբ սարքուեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը։
«Կարեւոր խնդիր է՝ աշխարհով մէկ սփռուած մշակութային ժառանգութեան խնամատարութիւնը»։
Դեսպաններու խորհրդաժողովի մասնակիցները հիւրընկալուեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի երդիքին տակ:
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի օգոստոս 30-ի Մեծ յաղթանակի տօնը։ Հանրապետութեան հիմնադիր մեծն Աթաթիւրքի գլխաւորութեամբ 1922-ին տարուած Մեծ յաղթանակի 97-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի կ՚ունենան տօնակատարութիւններ։
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչը մանրամասն մեկնաբանեց Թուրքիոյ մէջ պաշտամունքի ազատութեան նիւթը:
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական հաւաքոյթ մը։ 2019 թուականի ամրան շրջանի գործունէութիւնները արդէն եզրափակուած են Կազդուրման կայանէն ներս։