ՊԱՂԱՐԻՒՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ

Ս-400 ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգերու Թուրքիոյ կողմէ ներածումը կը շարունակէ զուգահեռաբար օրակարգի վրայ պահել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մտահոգութիւնները։ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ ռուսական հրթիռներու Թուրքիա հասնիլ սկսելէն վերջ առաջին անգամ կատարեց արժեւորում մը՝ Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած կառավարութեան նիստին ժամանակ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան աշխատանքային այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ուաշինկթընի մէջ ան վաղը պիտի մասնակցի «Կրօնի ազատութեան նախարարական համաժողովին»։
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան ներկայիս աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ «Ազատութիւն» եւ «Ամերիկայի ձայն» ռատիօկայաններու հաղորդումներով, ան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Ուաշինկթընի «Atlantic Council» կեդրոնին մէջ։
Մեծն Կոմիտասի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակի կրկնակ յոբելեաններուն առթիւ:
15 յուլիսի ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան օրը բնորոշուեցաւ աննախընթաց խանդավառութեամբ եւ ժողովուրդի զգօնութեամբ:
Գումգաբուի մէջ վաղը նախատեսուած է համայնքային կարեւոր ժողով մը, որուն պիտի նախագահէ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Այսպէս, խորհրդակցութեան հրաւիրուած են Կրօնական ժողովի անդամներն ու համայնքային մարմիններու ատենապետները կամ ներկայացուցիչները։ Այս ժողովի հիման վրայ պիտի կազմուի պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինը։
«Լաւագոյն օփերայի երգչուհի» մրցանակը նուաճած արուեստագիտուհին հմայեց Երեւանի ունկնդիրները:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ունեցան հանդիպում մը։ Սա նախագահի եւ վարչապետի հերթական աշխատանքային հանդիպումն էր, որ տեղի ունեցաւ նախագահական ապարանքի երդիքին տակ։