ՆՈՐՈՎԻ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ դարձեալ իրաւական կարեւոր նախաձեռնութիւն մը:
Անթիլիաս անվհատ աշխատանք կը տանի օրինական ճանապարհով հետամուտ ըլլալու համար իր պատմական իրաւունքներուն: Անցեալ ամիս փաստաբաններու կողմէ արդէն դիմում կատարուած է Քոզանի Բ. նախադատ ատեանին:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Շիշլիի գերեզմանատան երէկուան հոգեհանգստեան պաշտօնին:
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Երեւանէն երիտասարդ քաղաքագէտ ու հրապարակագիր Էլէոնորա Սարգսեանը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Թուրքիա։ Շատ հաճելի զրոյց մը ունեցանք Էլէոնորա Սարգսեանի հետ, որ ներկայիս կ՚աշխատակցի www.armat.im կայքէջին։
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկը միշտ կը հետեւի դպրոցներու եւ արեւմտահայերէնի ուղղեալ ռազմավարութեան:
Համայնքային շրջանակներէն ներս երէկ յետմիջօրէի ժամերէն սկսեալ արձագանգ գտան շարք մը լսումներ, ըստ որոնց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին տրուած է եկեղեցիէ դուրս սքեմ կրելու իրաւունք։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ ստորագրուած է համապատասխան տնօրինութիւնը։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը կատարած է հայ գրականութեան դասականներէն Զապէլ Եսայեանի «Կեղծ հանճարներ» գործին վերահրատարակութիւնը։ Զապէլ Եսայեան այնպիսի հեղինակ մըն է, որ անոր թողած ժառանգի արժեւորման նպատակով տարուած ամէն աշխատանք կը համարուի նուիրական եւ իսկապէս ժամանակավրէպ դառնալու հաւանականութիւնը չունի։
Տարեկան ձեռնարկի ատենախօսներն էին Շէյտա Մելքոնեան եւ Լայզա Արսլանեան: