ԼԻՒՔՍԵՄՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ ԿԱՐԵՒՈՐ ԺՈՂՈՎ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այսօր կ՚այցելէ Լիւքսեմպուրկ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մնացականեան կը մասնակցի Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։
Հայաստան կը նախագահէ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան:
Աշխարհահռչակ տուտուկահար Ճիւան Գասպարեան դարձած է արդէն 90 տարեկան։ Ան հայկական երաժշտական աշխարհի կենդանի առասպելներէն մին է ներկայիս։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն յառաջիկայ շաբթուան վերջաւորութեան տարածքաշրջանային այցելութեան մը պիտի ձեռնարկէ դէպի Ռուսաստան եւ Հարաւային Կովկաս։ Հոկտեմբերի 20-ին պիտի սկսի Ճոն Պոլթընի ուղեւորութիւնը, որու ծիրէն ներս ան շփումներ պիտի ունենայ Հայաստանի, Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի մէջ։
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթաժողովը այսօր կ՚եզրափակուի:
Պատանեկան ողիմպիական խաղերու ծիրէն ներս Հայաստան նուաճեց ոսկէ մետայլ մը։ Այս տարի երրորդ անգամ տեղի կ՚ունենան այս ամառնային ողիմպիականները, որոնց ընթացքին 77 քիլօկրամի դասաւորման մէջ Հայաստանը ներկայացնող ծանրաբարձ Կարէն Մարգարեան արժանացաւ ոսկէ մետայլի։