ՖԷՆԷՐԻ ԿՈՂՄԷ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ ՏՐՈՒԵՑԱՒ ՈՒՔՐԱՅՆՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆԿԱԽԱՑՄԱՆ ՀԱՄԱՐ
Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանին մէջ վերջին օրերուն կարեւոր որոշում մը առնուեցաւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ տեսակէտէ։ Վերջին օրերուն տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններու արդիւնքով որոշուեցաւ հաւանութիւն տալ Ուքրայնոյ եկեղեցւոյ անկախացման։
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովը այս առաւօտ սկսաւ Երեւանի մէջ:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան բացառապէս Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Իլհամ Ալիեւ պնդեց, որ հայկական կողմը փորձած է բանակցութիւններու ձեւաչափը փոփոխութեան ենթարկել, սակայն այդ ջանքերը յաջողութեան պիտի չհասնին։
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենան մշակութային բազմակողմանի ձեռնարկներ։ Այս ծիրին մէջ բացուած է նաեւ ֆրանսահայ նկարչուհի Ասիլվայի ցուցահանդէսը, որ կ՚արժանանայ գեղարուեստասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան Երեւանի գագաթաժողովի ծիրէն ներս հաւաքներ:
Դեկտեմբերի 9-ին խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ կը նախատեսուին Հայաստանի մէջ:
Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմի տանտիրութեամբ՝ Անթալիայի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Եւրոասիոյ երկիրներու խորհրդարաններու նախագահներու երրորդ հաւաքը։ Ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Եդուարդ Շարմազանովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ներկայ ամսուան մէջ պիտի այցելէ Իտալիա։ Վեհափառ Հայրապետը պիտի նախագահէ Միլանոյի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ օծման 60-ամեակի յոբելենական հանդիսաւոր արարողութիւններուն։ Հոկտեմբերի 21-ին նախատեսուած են Միլանոյի արարողութիւնները եւ այս առթիւ շրջանի հայութիւնը կը պատրաստուի խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալելու Նորին Սրբութիւնը։
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի ուշագրաւ խմորումները կը շարունակուին։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յամառ ջանքերով մթնոլորտ կը ձեւաւորէ՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները ժամ առաջ կազմակերպելու ուղղութեամբ: