ԻՏԼԻՊԷՆ ԴՈՒՐՍ ԿԸ ԲԵՐՈՒԻՆ ԾԱՆՐ ԶԷՆՔԵՐԸ
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ձեռք բերուած Սոչիի համաձայնութեան հիման վրայ՝ Սուրիայէ ներս վերջին օրերուն տեղի կ՚ունենան կարեւոր իրադարձութիւններ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Իտլիպ քաղաքը կը դատարկուի ծանր զէնքերէ։ Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ ապահովուած համաձայնութեան հիման վրայ որոշուած էր Իտլիպն ու շրջակայքը վերածել՝ բախումներէ զերծ գօտիի մը։
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը վերջերս լոյս ընծայեց «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ի 38-րդ հատորը։ Վերջին շրջանին համալսարանէն հասած հաճելի լուրերու շարքին միշտ տեղ կը զբաղեցնեն հանդէսի հերթական համարներու հրատարակութեան առթիւ կազմակերպուած շնորհանդէսները։
Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ հայոց մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ առասպելական արուեստագէտի յուղարկաւորութեան փառաշուք արարողութիւնը
Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի վերանորոգեալ շիրմի բացման պաշտօնական արարողութիւնը։
«Ազնաւուրի երգերը առաջին հերթին բանաստեղծութիւններ են, որոնց վերնագրերը եւ երգերու յանկերգները մեզի համար ժառանգութիւն դարձած են»:
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահին դամբանախօսութիւնը՝ «Էնվալիտ»ներու պալատին մէջ երէկ առաւօտ տեղի ունեցած սգահանդէսի ընթացքին:
«Էնվալիտ»ներու պալատին մէջ տեղի ունեցաւ փառաշուք սգահանդէս մը Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին:
ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները վերջին օրերուն ժողով մը գումարեցին Պրիւքսելի մէջ։ Երկօրեայ հաւաքին մասնակցեցաւ նաեւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար։
«Համաշխարհային պետական գործիչ» մրցանակը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին: