ԴՐԱԿԱՆ ԱԶԴԱՆՇԱՆՆԵՐ
Ներքին քաղաքական տագնապի յաղթահարման համար կը ստեղծուին նախադրեալներ: Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութիւնը որոշեց 8 Մայիսի քուէարկութեան սատարել Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետի թեկնածութեան: Երկրէն ներս կանգ կ՚առնեն քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումները:
Յեղափոխութեան առաջնորդը հարցազրոյց մը տուաւ ռուսական «Քոմերսանթ» թերթին. «Ամէն պարագայի մէջ մենք պիտի յաղթենք։ Հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն գծով կան կենսական հարցեր, որոնց շուրջ պէտք է խօսիլ ու լուծում գտնել»:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլիի եւ Եւրոմիութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ: