Լրահոս

ՀԱՄԲԵՐԱՏԱՐ ՍՊԱՍՈՒՄ

Փոքրամասնական հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու կազմերու վերանորոգման խնդիրները կը շարունակեն հրատապ բնոյթ ներկայացնել օրակարգի վրայ:
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Տքթ. Ատնան Էրթէմ երէկ Նեւէ Շալոմ սինակոկին մէջ անդրադարձաւ առկախուած համայնքային ընտրութիւններու հարցին:

ՕՐ ՕՐԻ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Յեղափողութեան յաջորդած փուլի անցումային ժամանակաշրջանին յարափոփոխ հաւասարակշռութիւնները պղտոր կը պահեն ընդհանուր պատկերը:
Կայունութեան երաշխիքներու որոնում:
Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ պահել հրապարակի բազկերակը եւ հանրահաւաքներու կը ձեռնարկէ մեծ քաղաքներու մէջ: Վարչապետի պաշտօնատար Կարէն Կարապետեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Արմէն Սարգսեանն ու Բակօ Սահակեանը:

ԱՐՄԷՆ ՃԻԿԱՐԽԱՆԵԱՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ

Ռուսահայ աշխարհահռչակ դերասան Արմէն Ճիկարխանեանի առողջական վիճակը ներկայիս կ՚արձանագրէ վերիվայրումներ։ Երէկ հաղորդուեցաւ, որ Արմէն Ճիկարխանեան փոխադրուած է հիւանդանոց եւ կը գտնուի մահաքունի մէջ։

ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑՈՅԹ

Թիֆլիզի Պալիաշվիլիի անուան օփերայի եւ պալէի թատրոնին մէջ Ապրիլի 30-էն մինչեւ Մայիսի 5-ը կը կայանայ վոքալիստներու OPERA CROWN առաջին միջազգային մրցոյթը: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս», յայտնած են միջոցառման կազմակերպիչները:

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԻ ԾՐԱԳԻՐ

Իտալիոյ Մշակոյթի նախարարութիւնը սկսած է Notturni D՚Arte («Արուեստի գիշերներ») նախագծին, որ զբօսաշրջիկներուն հնարաւորութիւն կու տայ Վատիկանի թանգարանները այցելել Ուրբաթ օրերը՝ մայրամուտէն յետոյ:

«ՕՍՔԱՐ»Ի ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆԸ՝ 2019 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՓԵՏՐՈՒԱՐԻ 24-ԻՆ

«Օսքար» շարժանկարի յաջորդ մրցանակաբաշխութիւնը կը կայանայ 2019 թուականի Փետրուարի 24-ին, Լոս Անճելըսի, Գալիֆորնիա, Dolby թատրոնին մէջ: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Շարժարուեստի ակադեմիան։

ՀՐԱԲՈՒԽԸ ԺԱՅԹՔԵՑԱՒ

Յեղափոխական առաջնորդը յայտարարեց, որ ներկայ պահու դրութեամբ կառավարութիւն մը գոյութիւն չունի երկրին մէջ: Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ գործընկեր այլ երկիրներու ղեկավարներուն հետ: Յարափոփոխ հաւասարակշռութիւններու պայմաններուն ներքեւ անհեռանկար կը դառնան վարչապետի պաշտօնակատար: Կարէն Կարապետեանի՝ արտահերթ ընտրութեան կազմակերպման մտադրութիւնները: Մայրաքաղաքի կեդրոնին խաղաղ ցոյցերը կը շարունակուին: Երեւանի հանրապետութեան հրապարակին վրայ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած հանրահաւաքի ընթացքին ծովածաւալ բազմութեան ներկայութեամբ ժողովուրդի կողմէ առաջադրուած վարչապետի թեկնածու հռչակուեցաւ Նիկոլ Փաշինեան, որու շուրջ կը համախմբուին գրեթէ բոլոր քաղաքական ուժերը: Սերժ Սարգսեանի հրաժարականէն վերջ հիմա սպասումները կը կեդրոնանան համակարգային ընդհանուր փոփոխութեան մը վրայ, ինչ որ կ՚ենթադրէ ՀՀԿ-ի իշխանութենէն ամբողջութեամբ հեռացումը: Անցումային շրջանի օրակարգը կը շարունակէ ծանրաբեռնուած մնալ բազում հարցականներով: Մայիսի 1-ին պիտի կատարուի վարչապետի ընտրութիւն խորհրդարանին կողմէ:

ԱՄԵՆԱՄՕՏԻԿ ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐԸ

Թուրքիա-Ատրպէյճան Բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի եօթներորդ ժողովը՝ Անգարայի մէջ: Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Իլհամ Ալիեւ հերթական անգամ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին:

ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ՍԵՆ ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿԻ ՀԱՄԵՐԳԸ ԱԿԱՄԱՅ ՋՆՋՈՒԱԾ

Ֆրան­սա­հայ աշ­խահ­րահռ­չակ եր­գիչ Շարլ Ազ­նա­ւուր, որ հա­մեր­գի մը առ­թիւ կը գտնուէր Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ, նա­խըն­թաց օր ա­նակն­կա­լօ­րէն ան­հանգս­տա­նա­լով փո­խադ­րուե­ցաւ հի­ւան­դա­նոց։

Էջեր