ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ներկայիս կ՚իրականացնէ արտասահմանեան շրջագայութիւն մը։ Ան ուղեւորութեան ձեռնարկած է դէպի Անգլիա, Ֆրանսա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ներկայիս կ՚իրականացնէ արտասահմանեան շրջագայութիւն մը։ Ան ուղեւորութեան ձեռնարկած է դէպի Անգլիա, Ֆրանսա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։
Անասուններու իրաւունքներու նկատմամբ զգայնութիւնը հետզհետէ աւելի ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ հասարակական գետնի վրայ։ Վերջին օրերուն Թուրքիոյ զանազան քաղաքներէն ներս տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններն ալ այս խնդիրը դարձուցին հրատապ։
Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Պոլսահայ մշակութային կեանքին տեսակէտէ շատ կարեւոր իրադարձութեան մը վերածուեցաւ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի դէպի Հայաստան ուղեւորութիւնը, որ տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին։
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի արմատական փոփոխութիւններու մթնոլորտին մէջ՝ գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւնները կը շարունակեն բնորոշել երկրի օրակարգը։ Շաբաթավերջին Էջմիածին քաղաքին մէջ տեղի ունեցան մեծ խռովութիւններ։
Յունաստան եւ Մակեդոնիա երէկ ստորագրեցին պատմական համաձայնագիր մը, որ եկաւ վերջ դնել այս երկու երկիրներու միջեւ անունի վերաբերեալ տարակարծութիւններու։ Այսպէսով 27 տարուան տագնապ մը ունեցաւ դրական լուծում։

ԵԱՀԿ-ի կողմէ պատուիրակութիւն մը այսօր տարածքաշրջանային այցելութեան կը ձեռնարկէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Այսպէս, կազմակերպութեան անդամ երկիրներէ 25-ին մշտական ներկայացուցիչները կ՚ուղեւորուին դէպի Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը արդէն Երեւանի մէջ է։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ իր ընկերակիցները այս առաւօտ ընդունուեցան Հայաստանի Սփիւռքի փոխ-նախարար Դաւիթ Սարգսեանի կողմէ։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ իր առաջին հանդիպումը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ:
Ստեփանակերտէն արձագանգ. «Ատրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծէն ետ չի քաշեր տակաւին անցեալ ապրիլին կուտակուած մեծ քանակութեամբ ստորաբաժանումները»:
Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան երէկ այցելեց Երեւանի Պարարուեստի պետական գոլէճը, որու սաները փայլուն ելոյթով մը հանդէս եկան իրեն ի պատիւ։ Պատանի եւ երիտասարդ արուեստագէտներուն հետ զրուցելու ժամանակ ան յայտնեց, որ շատ կը սիրէ պարն ու երաժշտութիւնը եւ հայկական մշակոյթի մէջ մեծ կարեւորութիւն կու տայ պարարուեստին։
Էրտողան. «Թուրքիա հետզհետէ կը դառնայ տարածքաշրջանային ուժանիւթի ցանցերու կեդրոնը»:
Էսքիշեհիրի մէջ երէկ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութիւնով ազդարարուեցաւ TANAP-ի պաշտօնական բացումը: