ՎԱՐԱԿԻՉ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԹՈՅՆԸ (Ի՞նչ ըսել է վարակուիլ. վարակման պատճառներն ու եղանակները. վարակումէն պաշտպանուելու միջոցները)
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ի՞նչ պէտք է ընել վարակիչ հիւանդութիւններուն դէմ. ինչպէ՞ս պէտք է մենք մեզ եւ մեր ընտանիքը պահենք վարակումէն եւ ինչպէ՞ս պէտք է խնամենք հիւանդը:
Ինչպէ՞ս կռուինք թշնամիի մը դէմ, որուն չենք տեսներ: Եթէ ատիկա գայլ ըլլար, կրնայինք մեր դռներն ու պատուհանները փակել, որպէսզի ներս չմտնէ, կամ զէնք բռնած թաքստոց մտնել: Իսկ ի՞նչ ընենք պաքթերիաներուն դէմ: