Հարթակ

«ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ ՅՍՏԱԿ ՉԷ ԵՐԿՐԻՆ ՎԻՃԱԿԸ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Քէպէքէ ներս, Գանատա, Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Լեւոն Աֆէեան համոզուած է, թէ շուտով պիտի վերականգնուի սփիւռքի հետաքրքրութիւնը Հայաստանի նկատմամբ, սա ժամանակի հարց է։ Հայ իրականութեան հրատապ նիւթերուն շուրջ առիթն ունեցանք շօշափելու իր կարծիքը։

ՎԱՐԱԿԻՉ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԹՈՅՆԸ (Ի՞նչ ըսել է վարակուիլ․ վարակման պատճառներն ու եղանակները․ վարակումէն պաշտպանուելու միջոցները)

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վարակիչ ցաւերը ընդհանրապէս այսպէս կ՚երեւին: Գիւղի կամ քաղաքի մէջ հիւանդութիւն չկար, ամէն մարդ իր գործին էր, յանկարծ օր մը կը լսուի, թէ այս ինչին տունը ցաւ ինկած է:

«ԻՍԿԱԿԱՆ ԵՒ ԱՄԵՆԷՆ ՀՄՈՒՏ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԸ ՍԱՏԱՆԱՆ Ի՛ՆՔՆ Է»

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

​Մեր ներկայ ժամանակաշրջանին Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ մեծագոյն աստուածաբաններէն մէկն է Գերաշնորհ Տ. Յակոբ Արքեպիսկոպոս Գլնճեանը: Սրբազան Հայրը հեղինակ է շուրջ մէկ տասնեակ գիրքերու, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հայերէն եւ օտարալեզու գրութիւններու, յօդուածներու եւ ուսումնասիրութիւններու:

ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ՝ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՄԱՐԴՈՑ ԿԵԱՆՔԷՆ

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

1972 թուականը յաւիտեան դրոշմուած պիտի մնայ իմ յիշողութեանս մէջ որպէս կեանքիս լաւագոյն վայելքներէն մին ապրուած տարի։ 1971-72 տարեշրջանին հրաւիրուած էի անգլերէն լեզու դասաւանդել Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանին մէջ։

ԵՐԱԶԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԱԶ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սեւանի հոգեբուժարանին մէջ հիւանդները թաց լաթով կը փաթթեն։ Ցուրտ եղանակին սառոյցի կտորներով ծանրացած սաւանը փուշի պէս կը մտնէ՝ բոլոր առումներով ալ անզօր դարձած հիւանդներու մարմիններուն մէջ։

ԽԻՍՏ ՁՄԵՌ ԵՒ ՊԱՇԱՐՈՒՄ. ՍՈՒՐԻԱՆ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ԱՄՆ-ԻՐԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն եւ տեղւոյն հայ համայնքին մասին հեռավար կապով կարծիքը շօշափեցինք հալէպահայ գրող Յակոբ Նալպանտի։

ԱՆԲԱՌԱՑԻ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՐՄՆԱՅԻՆ ԼԵԶՈՒ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ժամանակակից արհեստագիտութեան ընձեռած հաղորդակցութեան միջոցներու կողքին, մեր դէմքի արտայայտութիւնը, շարժուձեւերը, կեցուածքը, ձայնին թոնը հաղորդակցութեան ազդու միջոցներ են, առանց որոնց բան մը պակաս կ՚ըլլայ մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ:

Էջեր