«ՔՈՐՈՆԱ» ՎԱՐԱԿԸ. ՄՏԱՎԱԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին զարգացումները ցոյց կու տան, որ տակաւին երկար ժամանակ պիտի գրենք սարսափ տարածող քորոնաժահրի մասին։
Ճիշդ է, որ ընդհանուր առմամբ քորոնայով մահացութեան դէպքերը տակաւին չեն անցած «ընդունելիի» սահմանները, բայց եւ այնպէս, աւելի քան բացայայտ է, թէ վարակը՝ զանազան մակարդակներու վրայ կրցած է ստեղծել, պատկերաւոր ըսած՝ իր ժամանակը։