ԴԱՓՆԻՆ
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Տատի՛կ, ինծի պարտէզիդ դափնիէն տերեւներ կրնա՞ս բերել:
Հարցուցի մեր տան հանդիպակաց մայթեզրին նստած կանաչեղէն վաճառող տատիկիս:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Տատի՛կ, ինծի պարտէզիդ դափնիէն տերեւներ կրնա՞ս բերել:
Հարցուցի մեր տան հանդիպակաց մայթեզրին նստած կանաչեղէն վաճառող տատիկիս:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ արաբերէնէ թարգմանուած քանի մը պատմուածքներ, որոնք մեզմէ իւրաքանչիւրին համար այս կամ այն ձեւով տալիք պատգամ մը կամ դաս մը կը պարունակեն, մանաւանդ այս ծանր օրերուն, երբ թագաժահր վարակին պատճառով մեզմէ շատեր իրենց մտածումներով շատ յաճախ հեռուները կ՚երթան՝ ամէն բան մթնած ու խաւարած տեսնելով:
ԵՐԱՄ
Երեկոն մօտ էր արդէն։
Զանայի ամբողջ օրն անցեր էր լարուած սպասումով։ Որոշեր էր արդէն ուշ առաւօտուն, որ պիտի երթար, պիտի կանգնէր Խորենացի-Լէօ խաչմերուկի մօտ, ու սպասեր... գուցէ, թերեւս, բախտը բացուէր այսօր ու յայտնուէր ան, աղջիկը շուկայի...
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «…երբ տեսան Յիսուսը, որ ծովուն վրայէն քալելով կը մօտենար նաւակին» (Յհ 6.19):
Մեկնութիւն. Ոմանք կ՚ըսեն, թէ այս ու Մատթէոսի [Աւետարանին] մէջ պատմուածը տարբեր դէպքեր են, սակայն նոյնն էր թէ՛ ժամանակէն, թէ՛ տեղէն, թէ՛ ժողովուրդէն, որովհետեւ նոյն օրը երբ հացը կերան, աշակերտները գիշերը նաւ մտան ու գիշերուան չորրորդ պահուն Յիսուս իրենց մօտ եկաւ:
ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ
Փողոցի ծայրին աջ դարձող, կամ ալ շիտակ գացող ուրիշ թրամվայներու գիծին դիմաց, սրճարանի մը ետեւ, ներս քաշուած եռանկիւն տարածութեան մը վրայ միակ խանութ մը կար, որուն լոյսերը ամէն անգամ առջեւէն անցնելուս, ես միշտ մարած կը տեսնէի եւ ապակիէ թափանցիկ հաստ դուռին գոց ըլլալն ալ, հեռուէն դիւրին կը հաստատուէր...:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կրնա՞ր Հայաստանը շրջանցել այս նոր տագնապը։ Կրնայի՞ն Հայաստանի քաղաքական վերնախաւի ներկայացուցիչները եւ աւելի յստակ կերպով ըսած՝ քաղաքական խաղը «բացողներ»ը հեռու մնալ այս արկածախնդրութենէն։ Պատասխանս՝ այո կրնային, բայց չուզեցին։
ՎԱԼԵՐԻ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ
Արեւմտահայ ականաւոր մտաւորական՝ հրապարակախօս, բանասէր, պատմաբան, մանկավարժ, գրող, թարգմանիչ, հրատարակիչ Մատթէոս Մամուրեան (1830-1901) ունեցած է նաեւ կառավարչական աշխատանքի հարուստ փորձ՝ որպէս Պոլսոյ Հայոց Հատրիարքարանի դիւանապետ, Մեսրոպեան վարժարանի տեսուչ։ Անոր տեսական ծաւալուն ժառանգութեան մէջ կը յայտնաբերենք հանրային կառավարման հիմնախնդիրներու խորունկ եւ արդիական վերլուծութիւն։
Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Հակառակ կրթական անբարենպաստ տարեշրջանի մը թեւակոխման, հակառակ տնտեսական եւ ճգնաժամի պայմաններուն բերումով մտահոգութիւններու եւ դժուարութիւններու բազմապատկման, հակառակ կրթական ինչպիսի տարեշրջանի մը սպասումին եւ նորութիւններուն, կարելի է ըսել, որ 2020-2021 կրթական տարեշրջանին լիբանանահայ վարժարանները թիւի աճ պիտի արձանագրեն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այն ինչ, որ ապրեցանք տակաւին երկար պիտի յիշուի։ «Քովիտ-19» այդպէս, անկոչ հիւրի մը նման մտաւ մեր տան շեմէն երոնք առաջին օրէն ալ վարակուեցան, ապրեցան այս չարաղէտ ու անկասելի հիւանդութեան ծանր հետեւանքները։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ոստիկաններու բռնամիջոցին զոհ գացած Ճորճ Ֆլոյտի անունը վերածուեցաւ խորհրդանիշի: Թէեւ անոր կեանքի անախորժ պատահարներուն տոպրակը պեղողներ եղան՝ յիշեցնելով, որ ան նաեւ բանտ նստած մարդ էր, սակայն, սպանութեան պայմանները աչքի առջեւ ունենալով, ան վերածուեցաւ հերոսի, անոր մահուան դէպքին մէջ խտացան ոստիկանական նմանօրինակ բրտութիւններու զոհ գացողներու անուններն ու պատմութիւնները, եւ պայթեցուցին ցեղային խտրականութեան դէմ բողոքի «կորիզային ռումբ» մը, որուն շողավարակ ազդեցութիւնը տարածուեցաւ աշխարհով մէկ: