ՊՍԱԿԱՁԵՒԻՆ ՔՈՎՆ Ի ՎԵՐ. ՓՈԽՈՒԱ՞Ծ Է, ՉԷ՞ ՓՈԽՈՒԱԾ…
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Պսակաձեւ ժահրի տիրապետութեան այս օրերուն, յաճախ կրկնուող խօսք է, որ մեր կեանքին մէջ հիմնական փոփոխութիւններ յառաջացած են, իսկ վաղը-միւս օր, երբ այս պատուհասը անցնի-երթայ, պիտի ապրինք բոլորովին տարբեր աշխարհի մը մէջ: