ԱՅ ՑՆԾԱՅ, ԱՅ ՑՆԾԱՅ…
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Հայաշատ Գնալը կղզին՝ միշտ ծանօթ եղած է մեծ շուքով նշուած հոգեւոր ու աշխարհիկ հանդիսութիւններով։ Պոլսոյ սրտին մէջ, ամրան շրջանին մասնաւորապէս, այս տեսարանը կը յայտնուի տաղաւարներու փառաշուք հանդիսութեանց ընդմէջէն։