ԿԱՂԱՆԴ
ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ
Յուզումով կը դիմաւորենք Նոր Տարին, բայց ուրախութիւն է, կ՚ըսենք, այս վայրկեանն իսկ, որովհետեւ գուցէ այս վայրկեանն ալ չապրէինք, գուցէ ուրիշ ահաւոր դրութեան մէջ ըլլայինք. փառք կու տանք ամէն ինչին համար եւ կ՚ուզենք ուրախութեան նշոյլ մը գտնել, մենք մեզ ուրախացնել: