Հոգե-մտաւոր

ՆԵՐՈՂՈՒԹԻ՜ՒՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վերջերս ծանօթներէս մէկու մը զաւակը իր սովորական-մանկական չարութիւններու կողքին իրմէ մեծերէն մէկուն հանդէպ անյարգալից վերաբերմունք մը ունեցաւ. պահը վիրաւորական էր. անվայել այդ արտայայտութեան դիմաց մանուկին ըսելով որ պէտք է ներողութիւն խնդրէ իր ա՛յդ սխալին համար: Մանուկը վարանեցաւ. մայրը զինք փրկեց այդ անել կացութենէն, պարզելով անյարգալից վերաբերմունքի պատճառը. «Իմ զաւակս մէկու մըն ալ ներողութիւն չէ ըսած, ու չ՚ըսեր...»:

«ԱԶԱՏ ԶՈՅԳ»Ը

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթավերջին բախտաւորութիւնը ունեցայ ներկայ գտնուելու Մաչանենց թատրոնին մէջ ներկայացուած, իտալացի թատերագիր եւ բեմադրիչ Տարիա Ֆոյի եւ իր կնոջ՝ դերասանուհի եւ Նոպէլեան մրցանակակիր Ֆրանքա Ռամէի կողմէ գրուած «Ազատ զոյգ» (The Open Couple) թատերախաղին, որ ներկայացուեցաւ այլ ամոլի՝ բեմադրիչ եւ դերասան Գրիշա Մնոյեանի եւ Լիթիթ Յարութիւնեանի կողմէ:

ՆՈՅՆՆ ԷՐ ԵՐԷԿ… ԱՅՍՕՐ Ո՛Չ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Լիբանանահայ բանաստեղծ, արձակագիր, թատերագիր, հրապարակախօս ու մանկավարժ Մուշեղ Իշխան 1968 թուականին Լիբանանի մէջ հրատարակած «Տառապանք» աշխատութեան «Հինգ դար առաջ» բանաստեղծութեան մէջ հետեւեալ տողերը կը գրէ. «նոյնն էր երէկ, նոյնը այսօր...»:

ԱՌԷ՛Ք ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայ ժողովուրդին համար գոյութիւն ունին բառեր, որոնք դարեր շարունակ մնացած են եւ կը շարունակեն մնալ անծանօթ. այդ բառերէն մէկն է ազատութիւնը, որուն բուն իմաստը երբեք ալ չե՛նք կրցած հասկնալ:

ՎԱ՜Յ ՔԵԶԻ ԵԹԷ ԱՐՏԱՔՆԱՊԷՍ ՏԳԵՂ ԵՍ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Տարիներ առաջ ազգանուէր գործ մը կատարելու համար Լիբանանի գրասենեակիս երէց հոգեւորականի մը հետ միասին կ՚ընդունէի այն հայորդիները, որոնք կ՚ուզեն իրենց նիւթական եւ բարոյական մասնակցութիւն բերել:

Ո՜ՒՐ ԷԻՆՔ… Ո՜ՒՐ ՀԱՍԱՆՔ…

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մի քանի օրեր առաջ բախտաւորութիւնը ունեցայ աւելի քան երեք ժամ հանդիպելու Պոլսոյ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ միաբանութեան երիտասարդ անդամներէն Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանին։ Հայր Սուրբին հետ խօսեցանք գրեթէ ամէ՛ն բանի մասին, մասնաւորաբար նիւթ ունենալով պոլսահայ կեանքն ու պոլսահայութիւնը յուզող հարցերը:

ԿԵՂԾԵՐԸ ՇԱ՜Տ ԵՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վերջերս սփիւռքահայ մամուլի մը մէջ տպագրուած գտայ անձի մը մէկ գրութիւնը, որուն անձնապէս ճանչնալու առիթը ունեցած եմ: Անձը որուն մասին կը խօսիմ, հայերէն լեզուին լաւապէս չի՛ տիրապետեր. ընդհանրապէս արաբերէն լեզուով կ՚արտայայտուի, սակայն մամուլի մէջ իր ստորագրութեամբ տեսայ յօդուած մը՝ մաքուր ու անսխալ հայերէնով գրուած ու հասայ այն եզրակացութեան, որ այսօր դրամը մարդը մինչե՛ւ իսկ յօդուածագիր ու հրապարակախօս կը դարձնէ:

ՆԱՄԱԿԱՆԻ 2 ՎՇՏԱԲԵԿ ԸՆԿԵՐՈՋ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այն ապրումները որ ունեցած ես, այսօր ծանօթ զգացում մըն է այն բոլորին համար, որ մա՛րդ կը կոչուին, որովհետեւ աշխարհի վրայ չկայ մարդ, որ իր անցաւոր այս կեանքի ընթացքին ճաշակած չըլլայ տառապանքն ու վիշտը՝ տնտեսական ու ընկերային ո՛ր դասակարգին ալ պատկանին: 

ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱԿԱՍ ՈՒՆԻ՞ՆՔ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երբեւէ հանդիպա՞ծ էք մտաւորականներու. եթէ այո, հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ի՞նչ ըսել է մտաւորական եւ այդ տիտղոսին արժանանալու չափանիշները որո՞նք են: Եթէ մտաւորական ըսելով նկատի ունիք անձ մը, որ բանաստեղծութիւն կամ արձակ կը գրէ, յստակեցնենք որ ամէ՛ն գրող մտաւորական չէ, իսկ շատ անգամ ալ ամէն մտաւորական՝ գրող չէ:

Էջեր