ՆԱՄԱԿ ԽԻՂՃԻՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ո՞ւր ես... ի՞նչ կ՚ընես...
Հարցումիս կոտտացող արձագանգը կը յուզէ զիս բացակայութեանդ դիմաց, որուն այնքա՜ն կարօտը ունիմ այսօր: Կարօտդ ունի նաեւ հոգիս, որ բացակայ գութիդ մենութեամբը կը տառապի:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ո՞ւր ես... ի՞նչ կ՚ընես...
Հարցումիս կոտտացող արձագանգը կը յուզէ զիս բացակայութեանդ դիմաց, որուն այնքա՜ն կարօտը ունիմ այսօր: Կարօտդ ունի նաեւ հոգիս, որ բացակայ գութիդ մենութեամբը կը տառապի:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայաստան հաստատուելէս ի վեր չկայ շաբաթ մը որ «ա՜յ ախպէր, ըստեղ ի՞նչ կայ» ըսող մը չգտնուի: Անոնց համար հարցական է հայրենադարձութեան գաղափարը, որովհետեւ հասկնալի չէ, թէ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ մարդ գալ այնպիսի երկիր մը՝ որուն բնակիչները իրենք դուրս գալու ամէն ձեւերն ու ելքերը կը փնտռեն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Դար մը առաջ ապրող անգլիացի կին ընկերային ծառայող Էկլանթին Ճէպի (Eglantyne Jebb) ամենէն նշանաւոր խօսքերէն մէկն է հետեւեալը.- «Իւրաքանչիւր պատերազմ պատերազմ է երեխաներուն դէմ». մարդասէր կինը մեր թուականէն 103 տարիներ առաջ՝ 1919 թուականին հիմնած է «Փրկենք մանուկները» անունով կազմակերպութիւնը, որուն առաքելութիւնն էր փրկել մանուկները պատերազմէն ու անոր յառաջացուցած վնասներէն. երկու տարիներ առաջ՝ 31 յուլիս 2020 թուականին Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւս անդամ դարձաւ այս կազմակերպութեան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր, ամէն ժամանակէ աւելի կարիքը ունինք ուժերու, որոնք կարողութիւնը ունին փշրելու բոլո՛ր շղթաները եւ անձնուիրաբար ծառայելու ա՛յն սրբազան նպատակին, որ կը կոչուի հայրենասիրութիւն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ներկայ աշխարհին մէջ գոյատեւելու համար ի՞նչ բան պէտք է նոր սերունդին. անցեալները այս նիւթին շուրջ երկու բարեկամ բանավէճ մը ունեցան: Անոնցմէ մին յայտնեց, թէ «այսօր աշխարհի մէջ ամէն բանէ առաջ պէտք է ուսում ունենաս. եթէ ուսում չունեցար ո՛չ քեզի մարդու տեղ կը դնեն եւ ո՛չ ալ կրնաս տեղ հասնիլ»:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Նար-Դոս հայ գրականութեան այն եզակի դէմքերէն է, որուն գրութիւններուն մէջ գոյութիւն չունի երեւակայութիւնն ու կեղծ պերճանքը. անոր գրութեան հերոսներն ու ներկայացուցած նիւթերն ու պատկերը շինծու չեն, այլ հայելին են մեր առօրեային, իր ներկային:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պատերազմին ինչ ըլլալն ու ինչպիսի աւերներ գործելը հայ ազգէն աւելի ուրիշ ազգ մը դժուար թէ հասկնայ եւ ըմբռնէ, որովհետեւ ինչպէս առածը կ՚ըսէ «կրակը ինկած տեղը կ՚այրէ» եւ այդ պատմութիւնը փաստ է, թէ այդ կրակը անպակաս եղած է հայ ժողովուրդէն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երկուշաբթի, 21 փետրուար 2022-ի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի թիւին մէջ հրատարակեցինք Միսաք Մանուշեանի կենսագրութիւնը, որ հակառակ մահուան հաստատուն մնացած էր իր գաղափարախօսութեան ու համոզումներուն:
Երկու օրեր առաջ գտայ իր կնոջ գրած անոր վերջին նամակը, որ փաստացիօրէն գրուած է մահէն ընդամէնը մի քանի ժամեր առաջ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 71 տարիներ առաջ՝ 9 յուլիս 1951-ին Ամերիկայի Պետական քարտուղար Տին Աշսըն կոչ կ՚ուղղէ հայ ժողովուրդին եւ սփիւռքահայութեան ըսելով.- «Ամերիկայի Ձայնը յետ այսու ձեր հետ պիտի խօսի հայերէն լեզուով եւ ձեզի պիտի տեղեկացնէ ազատ աշխարհի անցուդարձը ճշմարտութեան եւ իրականութեան լոյսին տակ»:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը, հակառակ յայտարարելով թէ «ժողովուրդը տուգանքի առարկայ չէ՛», կը շարունակէ ամէ՛ն ձեւով տուգանել արդէն իսկ թշուառութեան մէջ ապրող իր քաղաքացիները, որոնք «շունչ քաշել»ու համար կը սկսին երկրէն դուրս՝ դէպի «ազատութիւն» ու «հանգստութիւն» տանող ճամբան փնտռել: