ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բարեկամութիւնը, իր ամենալայն առումով կը նշանակէ՝ սիրով, անկեղծութեամբ, կարեկցութեամբ վարուիլ «ուրիշ»ի մը հետ։ Մարդկային հաղորդակցութեան ամենակարեւոր հիմերէն է ճշմարիտ բարեկամութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բարեկամութիւնը, իր ամենալայն առումով կը նշանակէ՝ սիրով, անկեղծութեամբ, կարեկցութեամբ վարուիլ «ուրիշ»ի մը հետ։ Մարդկային հաղորդակցութեան ամենակարեւոր հիմերէն է ճշմարիտ բարեկամութիւնը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայը իր կեանքի ընթացքին յաճախ կարծեց... եւ այդ կարծածները մնաց կարծիք եւ երբեք ալ իրականութիւն չդարձան:
Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք շատ մը հայեր, հակառակ Հայաստանի նպաստաւոր պայմաններուն, չուզեցին վերադառնալ հայրենիք, այն կարծիքով որ իրենց մէջ բոյն դրած հայրենասիրութիւնը սահմաններ չի ճանչնար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Նիւթ»ին եւ մեր առօրեայ կեանքին մէջ, այսօր այնքան մխրճուած եւ տարուած ենք, որ Աստուած, երկինք, հոգի, յաւիտենականութիւն, ողորմածութիւն, խիղճ մոռցած՝ ամէն օր, ամէն ոք «մամոնայ» եւ «հաճոյք» կը հոլովէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ղարաբաղը որո՞ւ կը պատկանի... ո՞վ է անոր իսկական տէրը:
Մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Ազատամարտ» թերթը իր հինգշաբթի, 21 նոյեմբեր 1918-ը թուականի թերթի երկրորդ էջին մէջ կը գրէ հետեւեալը. «Ինչպէս յայտնի է նախկին Կովկասի մաս կազմող Ղարաբաղի նահանգը վէճի նիւթ էր Հայաստանի եւ Ատրպատականի կառավարութեանց միջեւ՝ որոնց երկուքն ալ նոյն նահանգին մասին սեփականութիւն կ՚առարկէին»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային անձը պէտք ունի ընկերային կեանքին։ Ասիկա մարդուն համար կը գոյացնէ ո՛չ թէ յաւելեալ բան մը, այլ պահանջք մը անոր բնութեան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շատեր ըսելէն չձանձրացան, սակայն մենք նոյն յանկերգը լսելէն ձանձրացանք. ո՞ւր է մտաւորականութիւնը... Ինչքա՜ն տարօրինակ ազգ է չէ՞ հայ ժողովուրդը. կ՚ուզէ մտաւորական ունենալ, սակայն չ՚ուզեր զինք լսել, կ՚ուզէ եկեղեցիներ ունենալ, սակայն չ՚ուզեր աղօթել, կ՚ուզէ դպրոցներ ունենալ, սակայն չ՚ուզեր իր զաւակը հայկական դպրոց ղրկել եւ այսպէս շարունակ շա՜տ բան կ՚ուզէ հայը՝ առանց երբեք ուզելու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդը «անձ» մըն է եւ ասիկա՝ հաւասար չափով բոլոր մարդոց համար՝ հասուն կամ անչափահաս, այր մարդու եւ կին մարդու, քանի որ բոլորն ալ ստեղծուած են «ըստ պատկերին եւ նմանութեան Անձ»՝ Աստուծոյ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մտասեւեռ հայեացքներ են դարձեալ այն հողին՝ ուր դեռ երէկ կեանք, իսկ այսօր լքում ու մահ կը բուրէ: Հայեացքերն են հաւատարիմ ա՛յն մարդոց, որոնք այժմ կը տեսնեն անշնչացումը իրենց վաստակին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը հարցուի՝ թէ քանի որ Աստուած բարի է, ապա ուրեմն ինչո՞ւ կ՚արտօնէ չարին։
Արդարեւ, որեւէ կասկած չկայ, որ Աստուած անհունօրէն բարի՛ է եւ Անոր բոլոր գործերը բարի՛ են։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անհաւատալի... բայց իրաւ. շաբաթներ առաջ լրատուական միջոցներ յայտնեցին, որ Ափրիկէի երկիրներէն Ուկանտայի մէջ անօթութեան պատճառով մահացած է աւելի քան 600 անձ. բայց որո՞ւ հոգը հարիւրաւոր զոհերը՝ երբ անոնք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներ չեն, երբ Եւրոպայի «զարգացած» երկիրներու մէջ չեն ապրիր: