ՈՄԱՆՔ ԱԼ ԿԸ ԿՈՐՍՈՒԻՆ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կորսուիլ, կորսնցնել, կորուստ ունենալ… մեծ մասամբ մարդուս ցաւ եւ վիշտ պատճառող այս իրողութիւնները անպակաս են մարդկային կեանքին մէջ։ Շահիլը, ունենալը, ունեցածը պահպանել որքան որ բնական է, կորսնցնելն ալ նո՛յնքան անխուսափելի է։