ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ՅԱՐԳԸ ԳԻՏՆԱԼ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ժամանակը ամենաթանկագին պարգե՛ւն է Աստուծոյ։ Եւ մարդ ո՜րքան ժամանակ կը կորսնցնէ իր կեանքի ընթացքին։ Ընդհանրապէս կ՚ըսուի թէ ժամանակը արտադրող եւ թէ առատ արտադրող միջոց մըն է, մանաւանդ իր տուած դասերով եւ փորձառութիւններով։