ՄԱՐԴ՝ ՍԱ ԱՆԾԱՆՕԹԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ էակը ստեղծագործութեան մեծագոյն հանելուկն է. միշտ «անծանօթ» ո՛չ միայն իր շուրջիններուն, այլ նաեւ՝ «անծանօթ» ինքնիրեն։ Դարե՜րէ ի վեր փորձած են իմաստասէրներ լուծել «մարդ հանելուկ»ը, հասնիլ անոր գաղտնիքներուն, բայց քանի որ տակաւին կը շարունակեն «ծանօթանալ» մարդ էակին էութեան, այս կը նշանակէ, որ դարերէ ի վեր կատարուած աշխատութիւնները ապարդիւն են մնացած եւ «մարդ»ը կը շարունակէ «հանելուկ» մը մնալ ինքնիրեն։