ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻՆ ԴԵՐԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գերմանիացի նշանաւոր իմաստասէր Հէկէլ արուեստագէտներէն կը պահանջէ ամենէն առաջ՝ կեանքի խորհուրդներուն արտայայտութիւնը։ Իսկ Զօլա գեղարուեստը սահմանած է որպէս «խառնուածքի մէջէն երեւցող բնութիւն» մը. «la nature à travers un temperament»։