ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵԱ՛ՆՔ Է
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Համբերութիւնը կեա՛նք է… Բայց կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մարդուս ցոյց կու տայ թէ՝ համբերութեան շատն ալ տանջա՛նք է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Համբերութիւնը կեա՛նք է… Բայց կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մարդուս ցոյց կու տայ թէ՝ համբերութեան շատն ալ տանջա՛նք է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Nelson Rolihlahla Mandela (Madliba). Հարաւային Ափրիկէի նախագահը՝ որ ընտրուած էր ժողովրդավարական համակարգով 1994 թուականին՝ Հանրապետութեան առաջին սեւամորթ նախագահը ըլլալով։ Mandela (1918-2013) ունի շատ իմաստալից խօսք մը, որ մարդկային փոխյարաբերութիւններու հաստատ հիմերու վրայ մշակման տեսակէտէ իրապէ՛ս ուղեցոյց մը կարելի է նկատել։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բառարան կարդալ»՝ ընթերցանութեան շատ հաճելի եւ միանգամայն օգտակար մէկ տեսակն է. մարդ երբ կը կարդայ բառարանը, կարծես կ՚ընդարձակուի իր մտային հորիզոնը, քանի որ իւրաքանչիւր բառ տարբեր աշխարհ մը կը ներկայացնէ, եւ այդ աշխարհին մէջ տարբեր ապրումներ, տարբեր երեւոյթներ, տարբեր կեանքեր կը հմայեն զինք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւետարաններու մէջ յիշուած անունները, ջանացինք երեք լեզուով ցանկի մը մէջ ամփոփել։ Անշուշտ որ յաւակնութիւնը երբեք չունինք կատարեալ գործ մը կատարած ըլլալու. արդարեւ մեր համեստ աշխատութիւնը «ովկիանոսի մէջ հազիւ կաթիլ» մըն է։ Իր համեստ պայմաններուն մէջ եթէ փոքր իսկ օգտակարութիւն մը կարենանք ունենալ, անիկա անհո՛ւն երջանկութիւն մը պիտի պատճառէ մեզի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք «Եղէգին առակը»՝ Ռիթարամ Դաւիթեանի թարգմանութեամբ։
«Տէրոջ դէմքը աւելի մեղմացաւ, մինչ սուր կացինը առաւ ու մի քանի հարուածով գետին տապալեց զայն։ Եղէգը չընդդիմացաւ, այլ իւրաքանչիւր հարուածին ենթարկուեցաւ մեղմօրէն ըսելով.- Իմ Տէրս, քու կամքդ ըլլայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տպաւորիչ առակ մը ահաւասիկ, որ առիթ կ՚ըլլայ անդրադարձնելու մեզ մեր դիրքը հոգեւոր արժէքներու, հաւատարմութեամբ եւ ամենայն վստահութեամբ յանձնուելու մեր հաւատալիքներուն, յօժար կերպով ընդունելու ամէն նեղութիւն՝ մաքրուելու եւ ճշմարտութեան հասնելու համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օրինաւոր պաշտպանութիւնը՝ որ կ՚ենթադրէ ինքնապաշտպանութիւն, անմեղի մը սպանութեան արգելքին նկատմամբ բացառութիւն մը չի ներկայացներ, քանի որ ասիկա եւս «կամաւոր մարդասպանութիւն» է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը երկար ճամբորդութիւն մըն է. մարդ կը գտնուի ճամբու մը վրայ՝ ուր կան հանգրուաններ, կայաններ, որոնք առիթներ են նայելու եւ տեսնելու թէ՝ ո՛ւրկէ եկաւ եւ ո՛ւր կ՚երթայ, կերպով մը անցեալին նայելով՝ որոշել նոր ուղղութիւն մը դէպի ապագայ։ Մարդ կրնայ շարունակել իր ճամբան նոյն ուղղութեամբ եւ կամ փոխել իր ուղղութիւնը, աւելի լաւ եւ արդիւնաբեր տեղ մը հասնելու մտադրութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը խորհրդածենք համբերութեան մասին, քանի որ ան շատ անգամ կը պակսի, մինչդեռ անիկա է նեղութիւններու ճշմարիտ հակաթոյնը։ Նեղութեան մէջ գտնուող մէկու մը համբերատար ըլլալ կը յանձնարարուի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աշխարհահռչակ գծագրիչ Pablo Picasso (1881-1973), որուն իսկական անունն է՝ Pablo Diego José Francisco de Paula Juan Nepomuceno Maria de los Remedios Cipriano de la Santisima Trinidad Ruiz y Picasso, օր մը ճաշարան մը կ՚երթայ, կ՚ապսպրէ իր ճաշը, եւ ճիշդ այդ պահուն սպասեակը կը ճանչնայ զինք եւ կը յայտնէ իր հիացումը եւ համակրանքը նշանաւոր գծագրիչին։