ԿՌԻՒԸ ԱՄԷՆ ԻՆՉ ԿԸ ՔԱՆԴԷ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կռիւը, դժբախտաբար, մարդկային կեանքի անբաժան եւ սովորական մէկ երեւոյթն է։ Կռիւը երբ կը վերածուի մանաւանդ իրար հարուածելու աստիճանին, ահաւասիկ կ՚ըլլայ քանդիչ արարք մը, որ մարդուն ո՛չ բանականութեան եւ ոչ ալ «մարդ» կոչումին կը պատշաճի։