ՆԵՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅՈՅՍ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նեղութիւններ անխուսափելի են մարդկային կեանքին մէջ, բայց մարդ երբ յոյս ունի՝ կրնայ դիմադրել անոնց եւ քաջութեամբ պարտել զանոնք։ Եւ ո՜րքան մխիթարիչ է նեղութեան մէջ զգալ վստահելի անձի մը ներկայութիւնը՝ որ կը քաջալերէ զինք նեղութեան եւ դժուարութեան անել կարծուած վիճակներուն մէջ։