«ԱՐՋԸ ԿԱԼԻՆ ԼԾԵԼ»
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իրապէս արուեստ մըն է քիչ խօսքով շա՜տ բան ըսել, ամփոփել իմաստ մը մի քանի բառերու մէջ։
Քիչ խօսքով շատ բան ըսելու հարցին մէջ՝ հասարակաց իմաստութիւնը առածներով միշտ լաւ օրինակներ տուած է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իրապէս արուեստ մըն է քիչ խօսքով շա՜տ բան ըսել, ամփոփել իմաստ մը մի քանի բառերու մէջ։
Քիչ խօսքով շատ բան ըսելու հարցին մէջ՝ հասարակաց իմաստութիւնը առածներով միշտ լաւ օրինակներ տուած է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ պայմանադրականօրէն կ՚ըսենք. «Բնութիւնը գեղեցիկ է», ի՞նչ ըսել կ՚ուզենք։ Երկինքի կապո՞յտը, զանազան բոյսե՞րը, գետնին կանաչ խո՞տը, վերջապէս տարբաղադրեալ այն բազմաթիւ երեւոյթնե՞րը, որոնք իրարու խառնուելով կը յօրինեն այն, ինչ որ պայմանադրականօրէն կը կոչենք «բնական տեսարան» մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ամօթխածութիւն»ը կը նշանակէ մերժել քօղազերծել ի՛նչ որ պէտք է թաքնուած մնայ։ Արդարեւ, արդէն մարդը հոգիէ եւ մարմինէ բաղադրեալ էակ մը ըլլալուն, անոր մէջ գոյութիւն ունի որոշ «լարուածութիւն» մը՝ անոր հոգիին եւ մարմինին միջեւ տեղի կ՚ունենայ ձգտումներու տեսակ մը «պայքար»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հաւատարմութիւն»ը առաքինութիւն մըն է՝ որ իր մէջ ամփոփուած է ուղղամտութիւն, վստահութիւն, անկեղծութի՛ւն։ Հաւատարմութիւնը ճիշդ, անխարդախ, անշեղ եւ անսխալ, վստահութիւն ներշնչող նկարագրի մը արտայայտութիւնն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային բարոյական կեանքը իր ակունքը կը քաղէ Հաւատքին մէջ Աստուծոյ, որ Իր սէրը կը յայտնէ մարդուն։
Հաւատքի մասին «կամովին տարակոյս»ը կ՚անտեսէ կամ կը մերժէ իբր ճշմարիտ ընդունիլ Աստուծոյ յայտնածը՝ զոր Եկեղեցին կ՚առաջարկէ մեզի որ հաւատանք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ներդաշնակութիւն» իր լայն առումով կը նշանակէ՝ համաչափութիւն, պատշաճութիւն, ախորժալուր դասաւորում, համերաշխութիւն։ Բնութիւնը ամենագեղեցիկ օրինակները կու տայ ներդաշնակութեան, զոր օրինակ, եղանակներ՝ որոնք իրերայաջորդ կերպով կը յայտնուին, ներդաշնակութեան յայտնութիւն մը կը ներկայացնեն՝ համաչափելով բոլորովին ներհակ, անհաշտ բնութիւններ՝ ցուրտը, տաքը, անոնց միջեւ տեղաւորելով միջակը՝ գաղջը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուս «Տէրունական աղօթք»ին բանաձեւը մեզի կտակելէ ետք աւելցուց. «Խնդրեցէ՛ք ու պիտի առնէք» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 24)։ Արդարեւ, Տէրունական աղօթքը ամբողջ Աստուածաշունչին համառօտութիւնն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաւիտենականութիւնը ամենէն յստակ կերպով կը յայտնուի բնութեան երեւոյթներուն մէջ։ Արդարեւ «Ալֆան» եւ «Օմեկան», այսինքն սկիզբը եւ վախճանը, աւելի ճիշդ է ըսել՝ Անսկիզբը եւ Անվախճանը կարելի է տեսնել բնութեան մէջ, ուր կը յայտարարուի աստուածային ստեղծագործութեան յաւիտենականութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ճամբան երկու վայր իրարու կապող, եւ երբեմն ալ երկու անձ իրարու միացնող հարթուած հողի երիզ մըն է։
Արդարեւ, ճամբան ալ ունի իր «կենդանութիւն»ը եւ «անկենդանութիւն»ը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եոհան Վոլֆկեանկ Ֆոն Կէօթէի «Ֆաուստ»ը, այս գլուխ գործոցը ծանօթ է շատերուս. արդարեւ ան պարզ գրական գլուխ գործոց մը չէ, այլ «կեանքի գործ»ը Կէօթէի պէս իմաստասէր, համայնագէտ եւ հանճարամիտ անձնաւորութեան մը՝ որ յիսուն տարի ամբողջ տքնեցաւ անոր մասին եւ անոր մէջ խտացուց ո՛չ միայն իրեն համար ճշմարիտ հանճարի մը մտածումները, այլ նաեւ գերմաներէն լեզուի բոլոր կատարելութիւնները։